Ալիեւ Մինսքի Խմբակի Համանախագահներէն Պահանջած Է Քայլերու Ձեռնարկել` Ազրպէյճանցի Հետախոյզերը Ազատ Արձակելու Համար

1015_Minsk-AliyevԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հետ հանդիպումին ընթացքին պահանջած է Հայաստանի առջեւ Տիլհամ Ասքերովն ու Շահպազ Կուլիեւը ազատ արձակելու հարցը արծարծել:

Մամետեարով հաղորդած է, որ համանախագահներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ալիեւ անդրադարձած է գերիներու հարցերուն եւ համանախագահներէն պահանջած է լուրջ քայլերու ձեռնարկել` զանոնք ազատ արձակելու ուղղութեամբ: «Այժմ այդ հարցով կը զբաղի Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն: Մենք կապի մէջ ենք անոնց հետ, եւ յոյս ունինք, որ յառաջիկայ օրերուն դրական արդիւնք պիտի արձանագրուի», ըսած է ան:

Խօսքը կը վերաբերի Քարվաճառի մէջ ձերբակալուած երկու ազրպէյճանցի հետախոյզերուն, որոնց վերջերս այցելած էին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները:

Նշենք, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք չի մասնակցիր համանախագահներու Երեւան եւ Պաքու այցելութեան:

Ան «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Անձնական պատճառներով ես չեմ կրնար միանալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն` Պաքուի եւ Երեւանի մէջ: Յաջողութիւն կը մաղթեմ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի խաղաղ լուծման ուղղուած բանակցութիւններուն մէջ»:

ԱՓԱ իր կարգին կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշած է. «Ան (Ուորլիք. «Ա.») անձնական պատճառներով չէ կրցած միանալ իր գործընկերներուն: Հակառակ ատոր` ամերիկեան կողմը ներկայացուած է ազրպէյճանական կառավարութեան հետ հանդիպումներուն մէջ: Դեսպան Ուորլիք կը հաւատայ իր գործընկերներու այցելութեան արդիւնաւէտութեան, ինչպէս նաեւ անհամբեր կը սպասէ Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու հանդիպումին:

Համանախագահներուն ղարաբաղեան հիմնախնդիրի առնչակից երկիրներ այցելութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ 18 հոկտեմբեր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES