Նալբանդեան Ընդունեց Ֆուրնիէն
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի գլխաւոր բաժանմունքի պետ Էրիք Ֆուրնիէն, որ Հայաստան կը գտնուի արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ տեղի ունեցող խորհրդակցութիւններուն մասնակցելու նպատակով:
Տեսակցութեան ընթացքին Նալբանդեան ընդգծեց, որ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող բարձր մակարդակն ու բազմապատկուած հաղորդակցութիւնները նպաստաւոր դաշտ կը ստեղծեն երկու երկիրներուն միջեւ բազմաբնոյթ համագործակցութեան առաւել ամրապնդման եւ ընդլայնման համար:
Զրուցակիցները նաեւ անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցերու, միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան, միտքեր փոխանակեցին միջազգային եւ շրջանային հրատապ խնդիրներու շուրջ, քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները եւ այդ ձեւաչափով ընթացող համագործակցութիւնը:
Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին շուրջ քննարկումներու ընթացքին, նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատեց Ֆրանսայի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ միւս երկիրներու` Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միասնական ջանքերը` ուղղուած տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման: Այս ծիրին մէջ կողմերը անդրադարձան հոկտեմբեր ամսուան աւարտին Ֆրանսայի նախագահին նախաձեռնութեամբ Փարիզի մէջ նախատեսուած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքներուն:

