Արցախի Վարչապետը Ընդունեց Սփիւռքահայ Բարերարներ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան երէկ ընդունեց «Հանգանակ» հասարակական կազմակերպութեան խորհուրդի սփիւռքահայ անդամները եւ հովանաւորները:
Վարչապետը, շնորհաւորելով հիւրերը` կազմակերպութեան տասնամեակին առիթով, ողջունեց Արցախի մէջ անոնց կողմէ իրականացուող ծրագիրները, կարեւոր նկատելով տարեցներու խնամքին վրայ սեւեռուած ուշադրութիւնը:
Յարութիւնեան անդրադարձաւ կառավարութեան որդեգրած ընկերային քաղաքականութեան եւ ընդգծեց հասարակական կազմակերպութիւններու կարեւոր դերը ատոր արդիւնաւէտ կեանքի կոչման գործին մէջ:
Հիւրերը ներկայացուցին կազմակերպութեան կատարած աշխատանքները եւ յառաջիկայ ծրագիրները: Վարչապետը իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց աջակցելու ընկերային մարզի կարեւոր նախագիծերու իրականացման:

