Հանդիպում` ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչներու Եւ Վրաստանի Դեսպանին Միջեւ

Fotor01015191946-600x303ՀՅԴ մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ ՀՅԴ «Քրիստափոր Միքայէլեան» կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հանդիպում` ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներու եւ Հայաստանի մէջ Վրաստանի դեսպան Թենկիզ Շարմանաշվիլիի միջեւ:

Տեսակցութեան ընթացքին հիւրընկալող կողմէն ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը անդրադարձան Հայաստանի եւ Վրաստանի հանրապետութիւններու փոխյարաբերութիւններուն, երկու երկիրներու ընդհանուր շահերուն եւ մտահոգութիւններուն:

Միասնական տեսակէտ արտայայտուեցաւ այն մասին, որ ներկայ աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն ծիրին մէջ առաւել չափով կարեւոր կը նկատուի եղբայրական երկու ժողովուրդներու սերտ համագործակցութիւնը:

Շեշտուեցաւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ բնական ու անհրաժեշտ համագործակցութիւնը կրնայ ապագայի առումով լայն հորիզոններ բանալ դրացի երկիրներուն համար:

Կողմերը նաեւ անդրադարձան վրացահայութեան խնդիրներուն, անհրաժեշտ նկատուեցաւ քննարկել եւ միասնաբար լուծումներ գտնել առկայ եւ ծագող հիմնահարցերուն:

Կողմերը հաստատեցին նման հաղորդակցութիւնները շարունակական դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES