Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Չինաստանի Դեսպանը

Դեսպան Չանչուն եւ Սարգսեան

Դեսպան Չանչուն եւ Սարգսեան

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց  Չինաստանի դեսպան Թիան Չանչունը` Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւնը աւարտելուն առիթով: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին` պաշտօնավարութեան  տարիներուն հայ-չինական յարաբերութիւններու  ամրապնդման  ուղղուած արդիւնաւէտ գործունէութեան համար, ընդգծելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ, յատկապէս վերջին տարիներուն փոխշահաւէտ շարք մը մարզերու մէջ  զգալիօրէն աշխուժացած է հայ-չինական համագործակցութիւնը, յաճախակի դարձած են  տարբեր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները, ընդլայնուած է իրաւապայմանագրային դաշտը, առեւտրական շրջանառութեան ծաւալներուն մէջ արձանագրուած  է որոշակի յառաջընթաց:

Այդ բոլորին մէջ Սերժ Սարգսեան մեծապէս կարեւոր նկատեց դեսպան Թիան Չանչունին անձնական ներդրումը:

Դեսպան Չանչուն շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին` գնահատանքին եւ ջերմ խօսքերուն համար եւ նշեց, որ Հայաստանի մէջ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը իրականացուցած է մեծագոյն հաճոյքով եւ կը հեռանայ լաւագոյն տպաւորութիւններով` մնալով հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի բարեկամը:

Share this Article
CATEGORIES