Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Ցաւակցական Նամակը` Արփի Էթիեմեզեանի Մահուան Առիթով
Երէկ «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութենէն ստացաւ նախարար Հրանուշ Յակոբեանի սոյն ցաւակցագիրը` լիբանանահայ հասարակական եւ միութենական գործիչ Արփի Էթիեմեզեան-Պերթիզլեանի մահուան առիթով:
Արփի Էթիեմեզեան անունը ուղղակիօրէն կապուած է Պէյրութի երբեմնի Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի ծաղկուն օրերուն հետ. ան իբրեւ հիմնարկի փոխտնօրէն, մանկավարժութեան ու հոգեբանութեան դասախօս, մօտ 30 տարի, իր անխոնջ աշխատանքով, կամքի ուժով ու անսակարկ նուիրուածութեամբ` եղաւ հիմնարկի կարեւորագոյն հիմնասիւներէն մէկը:
Արփի Էթիեմեզեան` տասնեակ սերունդներու գիտելիք փոխանցելու հետ մէկտեղ, իր հոգատարութեամբ, գուրգուրանքով ու պահանջկոտութեամբ` եղաւ հիմնարկի երկրորդ մայրը` բոլոր եւ յատկապէս հանրակացարանի մէջ ապրող ուսանողներուն համար: Ուսանողներ, որոնց մէջ անոր ջամբած դաստիարակութիւնը դարձաւ ուղենիշ` աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ իրենց ստանձնած ազգանուէր պաշտօնները վարելու գործունէութեան ընթացքին:
Անգնահատելի է նաեւ Արփի Էթիեմեզեանի աշխատանքը Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրման հիմնադրելու գործին մէջ. ան հայրենիք եկաւ այդ առաքելութեամբ եւ իր նպատակասլացութեամբ ու գործունեայ խառնուածքով` մեծ ներդրում ունեցաւ հայրենիքի մէջ ՀՄԸՄ-ը ստեղծելու եւ կայացնելու պատասխանատու գործին մէջ:
Արփի Էթիեմեզեան հայուհին իր գիտակցական ամբողջ կեանքը նուիրեց ազգանպաստ եւ հայրենանուէր գործունէութեան. հայրենիքէն դուրս ապրելով հանդերձ, ան միշտ ապրեցաւ հայրենիքով, հայը հայ պահելու առաքելութեամբ եւ սերունդները դաստիարակելու այնպէս, որ անոնք իրենց հերթին պատրաստ ըլլան դիմագրաւելու բոլոր դժուարութիւնները` այդ առաքելութիւնը շարունակելու համար: Ան առաւելագոյնս աշխատելով, երբեք չբարձրաձայնեց իր գործունէութեան մասին, մնաց յանուն ազգի ու հայրենիքի գործող համեստ ծառան:
Աւարտեցաւ անոր երկրային կեանքը, սակայն ես համոզուած եմ, որ անոր հոգին ծուարած է երկնային անդաստանի մէջ` այնտեղէն շարունակելով լոյս եւ ջերմութիւն սփռել յատկապէս իր հարազատներուն, ընկերներուն եւ ուսանողներուն վրայ:
Հարազատներուն վշտակցող`
ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

