Լուպոշ Միշել Համաձայն` Բերդերուն Չափը Մեծցնելու Գաղափարին
Միջազգային անուանի իրաւարար Լուպոշ Միշել (Սլովաքիա), Tribuna.com կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին արտայայտուեցաւ բերդերուն չափը մեծցնելու գաղափարին վերաբերող լուրերուն մասին:
Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ. «Եթէ ես ինքս օրէնքները փոխողը ըլլայի, անմիջապէս կը մեծցնէի բերդերուն չափը: Անոնց չափերը 130 տարիէ ի վեր կը մնան նոյնը, մինչ հետզհետէ բերդապահները կը դառնան աւելի բարձրահասակ: Այդ ժամանակ անոնց հասակը 168 սմ էր, մինչ ներկայիս անոնք հասած են 205 սմ-ի: Բերդին լայնքը պէտք է 10 սմ լայնցնենք, իսկ հասակը 7-8 սմ-ով բարձրացնել` աւելի շատ կոլերու նշանակման համար»:
CATEGORIES Մարզական

