Իր Տուած Մամլոյ Ասուլիսին. «Մեր Ձեռքը Կ՛երկարենք Բոլորին` Անխտիր» Ըսաւ Փիեռ Քահիա

Երէկուան մամլոյ ասուլիսէն
Լուսանկարը` ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով կը կազմակերպէ երեք օրերու վրայ (21, 22 եւ 23 նոյեմբեր) երկարող մարզական մրցաշարք մը` Ժունիէի Ֆուատ Շեհապի անուան մարզահամալիրին մէջ:
Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելու նպատակով, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան մարզական գրասենեակի նախագահ Փիեռ Քահիա տուաւ մամլոյ ասուլիս մը` «Փրոմենատ» պանդոկին մէջ, Զալքա:
Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին լիբանանեան բանակին զոհերուն յիշատակը:
Ապա Փիեռ Քահիա խօսք առնելով ըսաւ, որ այս մրցաշարքը կը միտի բոլոր լիբանանցիները ի մի խմբել, ո՛ր կուսակցութեան կամ ո՛ր յարանուանութեան ալ պատկանին անոնք:
Ան ըսաւ, որ «մեր ձեռքը կ՛երկարենք բոլորին, որպէսզի այս մարզական խաղերը յաջողին եւ մարզական ոգին տիրապետէ անոր ընթացքին, հեռու` քաղաքական ամէն տեսակի հաշիւէ»:
Այս մրցաշարքին մասնակցիլը անվճար է: Անոր կրնան մասնակցիլ խումբեր կամ անհատներ` պասքեթպոլի, ֆութպոլի, վոլիպոլի, փինկ փոնկի, աթլեթիզմի եւ շարք մը այլ մարզախաղերու մէջ:
Արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամ ճշդուած է հոկտեմբեր ամսուան վերջը:
Անուններու արձանագրութեան հասցէն է. [email protected]:

