«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Համալիրին Մէջ. «Հայ Սկաուտներ` Գնդակի Մը Շուրջ» Անունը Կրող Ֆութպոլի Մրցաշարք
Նախորդ շաբաթավերջին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրը լեցուն էր հայ սկաուտներով, որոնք ընդառաջելով ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի խմբապետական կազմի կազմակերպած «Հայ սկաուտներ` գնդակի մը շուրջ» ձեռնարկի հրաւէրին, եկած էին մարզական ոգիով մրցելու եւ միասին լաւ ժամանակ անցընելու:
Արդարեւ, ուրբաթ, 10 հոկտեմբերէն մինչեւ կիրակի, 12 հոկտեմբեր ՀՄԸՄ-ի, ՀՄՄ-ի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սկաուտներու զանազան մասնաճիւղերէ քոյրեր ու եղբայրներ, աշխուժօրէն յայտնուեցան դաշտ` իրենց կողքին ունենալով բազմաթիւ խանդավառ համակիրներ:
Անհրաժեշտ է յիշել, թէ հակառակ օդերեւութաբանական աննպաստ պայմաններուն` մարզիկները շարունակեցին իրենց խաղերուն ընթացքը` ոչ մէկ գանգատ արտայայտելով:
Երեք դասակարգերու բաժնուած` 16 տարեկանէ վեր տղոց, 16 տարեկանէ վար տղոց եւ աղջկանց խումբերը ֆութպոլի խաղերուն ընթացքին մրցեցան եւ ունեցան իրենց պարտութեան եւ յաղթանակի խաղերը:
Կիրակի երեկոյեան, սկաուտները բաժնուեցան անմոռանալի մթնոլորտէն` յառաջիկայ շաբաթ անգամ մը եւս հանդիպելու եւ աւարտական մրցումները կատարելու խոստումով:
Վարձքը կատար բոլոր կազմակերպողներուն, մասնակցողներուն եւ համակիրներուն, որոնք առիթը տուին հայ սկաուտին` իր տարեկիցներուն հետ հայկական ու մարզական մթնոլորտի մէջ շաբաթավերջ մը անցընելու:
Անհամբեր կը սպասենք աւարտական հանգրուանին:

