Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր ծրագրած աշխատանքը թէեւ կրնայ դժուարութիւններ ստեղծել, բայց աւարտին շատ գոհ պիտի մնաք եւ պիտի մոռնաք ձեր յոգնութիւնը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մեծաւորի մը հետ հանդիպում մը պիտի ունենայ յաջող աւարտ, որ կը վերաբերի հարցի մը լուծման: Թեթեւցած տրամադրութիւն պիտի ունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Վերջերս յաջող գործունէութիւն ունեցած էք կարգ մը ծրագիրներ իրագործելով: Ունիք նիւթական եւ բարոյական գնահատանք: Ուրախ պիտի մնաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ կեդրոնանաք ձեր անձին վրայ, յիշեցէք, որ ուրիշներ ալ կան` բարեկամներ, հարազատներ: Կայ հակառակ սեռի հետ յարաբերելու փափաք: Դասաւորեցէք այս ամէնը, որպէսզի յարգուիք: Եսակեդրոն մի՛ մնաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Երկու անձի միջեւ ծագած վէճի մը մասին պիտի լսէք, պիտի ուզէք խաղասէրի դեր մը ունենալ, բայց կողմերը անզիջող պիտի ըլլան: Հեռացէք այս հարցին միջամտելէ, ձեր ազնուութիւնը կը կորսուի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր երազներու իրականացման մասին ձեր ջանքերը պիտի գնահատուին ձեր մեծաւորներուն կողմէ եւ ձեր շրջապատին մէջ: Օրը բարերար է, յաջող:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կասկած մը պիտի փարատի ձեր միտքէն եւ զգացումէն: Պիտի ստանաք այն հրաւէրը, որուն կը սպասէիք երկար ատենէ ի վեր: Օրը փայլուն է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օրը բախտաբեր է նիւթական իմաստով: Վիճակահանութեան տոմս մը կամ այլ տեսակի բախտաւորութիւն մը ձեզ կը սպասէ: Օրը հաճելի պիտի ըլլայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կ՛ուզէք տիրապետել ձեր շուրջիններուն` գործի մէջ թէ ընտանեկան յարկի տակ: Թեթեւցուցէք ձեր ինքնասիրութիւնը, որ այլամերժութիւն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հեռու կեցէք աղմուկէ եւ շատախօս անձերէ, որոնք կրնան արգելք ըլլալ ձեր աշխատանքին: Օրուան բարիքը աշխատանքի մէջ է: Հետեւաբար եղէք գործօն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հեռու մնացէք կեղծ ժպիտներէ եւ շատախօսներէ, որոնք պնակալէզի դերը կը խաղան մանաւանդ աշխատունակ անձերու քով: Մի՛ հաւատաք անոնց:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Նոր գիտութիւն կամ լեզուներ սորվելու փափաքը ունիք: Դիմեցէք հոն, ուրկէ կրնաք օգտուիլ: Ձեր յառաջդիմութիւնը պիտի քաջալերեն շատեր:

