50 Տարի Առաջ (17 Հոկտեմբեր 1964)
Հայ Մարզիկներ Ողիմպիական Մրցումներու Մէջ
Վարազդատ 385 Թուականին Ողիմպիականի
Մեծ Յաղթականը Եղաւ Եւ Տիրացաւ Հայկական Գահին
Հին դարերէն սկսեալ, հայեր մասնակցած են ողիմպիական մրցումներուն: Պատմութեան յիշած հին ողիպիականներու վերջին յաղթականը ՀԱՅ մըն է` իշխան Վարազդատ: Ան, Քրիստոսէ ետք 385 թուականին, 291-րդ ողիմպիականին, կռփամարտի առնական մրցումին յաղթած ըլլալով, Թէոտոսիոս կայսեր կողմէ հայկական գահին հաստատուեցաւ: Պատմաբանները անվարան կերպով քաջասիրտ կոչած են զինք:
Նորագոյն ժամանակներուն 1952-ի ողիմպիականին մասնակցեցան հայ մարզիկներ եւ ապահովեցին փայլուն յաղթանակներ: Այսպէս` Ռափայէլ Չմշկեան փետուր դասի ծանրաբարձութեան ոսկի մետալը շահեցաւ, օղակներու մասնագիտութիւնը հայկական «ներքին» հարցի վերածուեցաւ:
1952-ին Գ. Շահինեան, իսկ 1956-ին եւ 1960-ին Ա. Ազարեան անմրցելի նկատուեցան: Մելպըրնի մէջ բազմիցս Եւրոպայի թեթեւ ծանրութեան ախոյեան` կռփամարտիկ Վարդան Էնկիպարեան անխոցելի մնաց:
Հռոմի ողիմպիականին, ամերիկահայ լուղորդ Կարի Թոպեան սուզումի առաջին եւ երկրորդ տեղերը գրաւեց, իսկ մօրմէ հայ Ի. Նովիկով Հայաստանի գոյները պաշտպանեց երկու ողիմպիական յաղթանակներով:
Մելպըրնի մէջ, տիկին Գարագաշեանց սուզումի 5-րդ տեղը գրաւեց: Հռոմի մէջ Իկոր Տէր Յովհաննէսեան մէկ քայլի 3-րդ տեղը գրաւելով, հանդիսացաւ առաջին հայը, որ պատուաբեր դիրք մը գրաւեց դասական մարզախաղի մը մէջ: Հետագային իր արժէքը փաստեց Երեւանի մէջ (1962-ին) 8:31 մեթրով աշխարհի մրցանիշին տիրանալով: Դարձեալ առաջին հայն է… իրմէ առաջ Վարդան Յովսէփեանը, որ վիրաւորուելով, Մելպըրնի մէջ գունտ արձակելու պատուոյ տեղերէն մէկը կորսնցուց:
Ահա ցանկ մը եւս հայ մարզիկներու, որ յաջող կերպով իրենց ներկայութիւնը զգալի դարձուցին վերջին ողիմպիականներուն.-
Ա. Ազնաւուրեան, Նորայր Մուշեղեան, Մ. Ջահուկեան, Արմենակ Ալաճաճեան, Ե. Աբովեան, Է. Ոսկանեան, մարմնամարզի, ըմբշամարտի, թրամարտի, պասքեթի, լողի եւ դասական խաղերու մէջ սովետ խումբով:
Ֆրանսա ղրկեց Հայկ Պօղոսեանը (նաւարշաւ), Փ. Ճգնաւորեանը (դասական խաղեր) եւ Տիրան Մանուկեանը (հոքի): Պարսկաստանէն մաս առին` Հ. Թամրազեան ծանրաբարձը եւ Վաչիկ Ղազարեան կռփամարտիկը, Եգիպտոսէն` Աւետիս Գավլաքեան ֆութպոլիստը…
Այս տարի մեծագոյն աստղը կը նկատուի աշխարհի «ճատրակի թագաւոր» Տիգրան Պետրոսեանը:
ՀՄԸՄ-ի Մարզական Եղանակին Բացումը
Վաղը` կիրակի, 18 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ-ի մարզական եղանակին բացումը: Երեք ամսուան ամառնային հանգիստէն ետք, պիտի վերսկսին մարզական մրցումները քաղաքի զանազան դաշտերուն վրայ:
Սկաուտները արդէն իսկ սկսած են իրենց հաւաքոյթներուն եւ ժողովներուն: Սկաուտական աշխատանքները աւելի կանոնաւոր կերպով կատարելու համար, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդը կազմակերպած էր Սկաուտ աստիճանաւորներու համագումար մը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ կիրակի 11 հոկտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի քաղաքի ակումբին մէջ: Համագումարին ներկայ եղան ՀՄԸՄ-ի բոլոր մասնաճիւղերու սկաուտ աստիճանաւորները եւ սկաուտական խորհուրդները: Կազմուեցաւ յառաջիկայ եղանակի սկաուտական աշխատանքներու յայտագիրը եւ տրուեցան կարգ մը որոշումներ` սկաուտութիւնը աւելի ժողովրդական դարձնելու համար:
Կիրակի 18 հոկտեմբերին` կէսօրէ ետք ժամը 2:45-ին, Մազրաայի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբը եղանակի իր առաջին ելոյթը պիտի ունենայ Մազրաայի խումբին դէմ: ՀՄԸՄ-ի խումբը ունի քանի մը նորեկներ, որոնք փորձառու եւ հին խաղացողներու կողքին պիտի աշխատին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի համբաւը բարձր պահել:
Կիրակի երեկոյ ժամը վեցին ՀՄԸՄ-ի դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ պասքեթպոլի մրցումներու շարք մը, մասնակցութեամբ քաղաքի առաջին կարգի խումբերուն: ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի խումբը, որ ամբողջ ամրան ընթացքին իր փորձերը շարունակեց կանոնաւոր կերպով, եղանակին սկիզբը կը ներկայանայ որպէս զօրաւորագոյն կազմը, եւ վստահ ենք, այս տարի լաւագոյն արդիւնքները ձեռք պիտի բերէ: Պասքեթպոլի աղջիկներու խումբը կը մնայ քաղաքի լաւագոյն խումբը:
Պասքեթպոլի մրցումներէն ետք ՀՄԸՄ-ի բոլոր մարզիկները պիտի հաւաքուին նորակերտ ակումբին սրահը, ուր տեղի պիտի ունենայ Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ կազմակերպուած հիւրասիրութիւն` ի պատիւ բոլոր մարզիկներուն:
Պէյրութի վարչութիւնն ալ սկսած է եռանդուն աշխատանքի, ամէնէն կարճ ժամանակի ընթացքին վերջացնելու համար ակումբի կահաւորումը: Վարչութիւնը ճիգ չի խնայեր ակումբը դարձնելու բոլորին համար հաճելի ժամադրավայր մը:
ՀՄԸՄ-ի փինկ փոնկի մարզիկներն ալ սկսած են իրենց փորձերուն:
Փինկ փոնկի խումբը, որ տարիներէ ի վեր Լիբանանի ախոյեանն է, կը ծրագրէ այս տարի քանի մը մրցաշարքեր կազմակերպել ակումբին մէջ:
ՀՄԸՄ-ի ակումբին մէջ նորութիւն պիտի ըլլայ թենիսի խաղը: Պասքեթպոլի դաշտը պատրաստուած է թենիս կարենալ խաղալու համար: Ամէն օր առտուընէ մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00 կարելի պիտի ըլլայ թենիս խաղալ:

