Արուեստի Աշխարհէն. Միջնադարեան Աննպատակ Գծագրութիւններ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Քուաքըլի յայտնաբերումներէն շատերը «գրիչի փորձեր» են, սակայն ոմանք կ՛առնչուին տիեզերական գաղափարներու հետ, ինչպէս` սէր, կրօն եւ մասնաւորաբար ձանձրոյթ:
ԱՇԽԱՐՀԻ ԿԱՐԳ ՄԸ ՀՆԱԳՈՅՆ ԳԻՐՔԵՐՈՒՆ ԼՈՒՍԱՆՑՔՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԱՆՆՊԱՏԱԿ ԳԾԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (ՏՈՒՏԸԼ) Կ՛ԱՊԱՑՈՒՑԵՆ, ԹԷ ԻՐՕՔ, ԼԱՒ Է ԻՆՔՆԱՄՈՌԱՑ ԵՒ ՄՏԱՑՐԻՒ ՄԱՏԻՏԸ ՇԱՐԺԵԼԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԴԱՐԱՒՈՐ ԳԻՐՔԵՐԷ Ի ՅԱՅՏ ԵԿԱԾ ՀԱՃԵԼԻ ԱՆԱԿՆԿԱԼՆԵՐ:
Միջնադարեան դպիրները նոյնքան կը ձանձրանային, որքան` մենք: Կիւթենպէրկէն շատ առաջ, մագաղաթի դէզերու վրայ հակած եւ ընդօրինակութեան համար իրենց տրուած գիրքերով շրջապատուած` անոնք կը հակազդէին նոյն ձեւով. աննպատակ գծելով:
Ցպկաձեւ մարդիկ, ճարտարապետական գիծեր, գրիչի պատահական հարուածներ, աննպատակ գծագրութիւններ, աւելի քան հազար տարուան ժպտացող դէմքեր կը զարդարեն լուսանցքները եւ դատարկ էջերը աշխարհի կարգ մը հնագոյն ձեռագիրներուն: Հոլանտայի մէջ գիրքերու պատմաբանի մը համար անոնք դարպաս մըն են դէպի կորսուած ժամանակ մը եւ նոյնքան հարուստ պեղումի դաշտ են, որքան` նոյնինքն գրութիւնները:
Լայտընի համալսարանի դասախօս Էրիք Քուաքըլի համաձայն, գոյութիւն ունին երկու տեսակի միջնադարեան աննպատակ գծագրութիւններ. առաջին` անձեւ պատկերներ, զորս բոլորս սովորութիւն ունինք գծելու, երբ մատիտ մը եւ թուղթ մը կը գտնենք մեր դիմաց, երկրորդ` «գրիչի փորձեր», զորս դպիրները կը կատարէին` կտրելէ ետք իրենց գրիչներուն ծայրը:
«Կը խօսինք այնպիսի ժամանակներու մասին, երբ գիրք մը նոյնքան կ՛արժէր, որքան` գործածուած ինքնաշարժ մը այսօր, եւ սեւագրութեան թուղթ գոյութիւն չունէր,- կը բացատրէ Քուաքըլ` խօսելով իր նորագոյն յայտնաբերումին` միջնադարեան հազուագիւտ գիրքի նշանի մը մասին:- Գրիչը փորձելու սահմանափակ տեղեր կային, անոնց շարքին էին ամբողջացած գիրքերու պարապ մնացած էջերը»:
Յայտնաբերուած աննպատակ գծագրութիւններէն ոմանք շքեղ են, ուրիշներ` ուշադրութիւն կը շեղեն եւ յայտնապէս գրիչը փորձելէ աւելի երկար ժամանակ խլած են: Ոմանք աւելի նախնական են եւ մտածել կու տան, թէ զանոնք գծողը արուեստագէտ չէր: Ամէնէն սահմանափակ երեւակայութեան տէր դպիրները աննպատակ կը գրէին` «գրիչս կը փորձեմ»:
Սոսկ Աստուծոյ փառքին համար աշխատող վանական դպիրներու կողմէ կատարուած աննպատակ գծագրութիւնները «միակ միջոցն են ծանօթանալու անոնց կեանքին», կ՛աւելցնէ Քուաքըլ:
Քուաքըլ, որ իր պլոկին միջոցով կը հմայէ այսօրուան ընթերցողները, ուսումնասիրած է Հոլանտայէն Քենթ տեղափոխուած դպիրներու գործերը: «Կարելի է նկատել, թէ անոնք ինչպէ՛ս պատշաճեցուցած են իրենց գրելու ոճը,- կ՛ըսէ ան:- Սակայն, երբ կը տեսնենք անոնց «գրիչի փորձերը», կը նկատենք, թէ կը վերադառնան իրենց բնիկ ոճին»: Քուաքըլ նման պատահական ստորագրութիւններու հետեւողութեամբ կը վերակառուցէ իրենց ժամանակներու անանուն տպագրիչներուն` դպիրներու կեանքին եւ գործին պատկերը:
Դպիրներուն աննպատակ գծագրութիւնները նաեւ գաղափար մը կու տան անոնց անհատականութեան եւ տրամադրութեան մասին: Իրաւաբանական ձեռագիրներու մէջ աւելի մեծ թիւով ժպտուն դէմքեր գծուած են: «Ընդհանրապէս չկայ ձեռագիր մը, որուն մէջ գէթ մէկ աննպատակ գծագրութիւն գոյութիւն չունենայ: Կարգ մը գիրքեր կը պարունակեն տարբեր դպիրներէ աննպատակ գծագրութիւններ, ինչ որ պատուհան մը կը բանայ դպրատան վրայ», կ՛ըսէ 44 տարեկան պատմաբանը:
Նոր յայտնաբերուած գիրքի նշանը գէթ 100 տարիէ ի վեր կորսուած կը մնար Լայտընի համալսարանին մէկ ձեռագիրին մէջ: Անիկա կլոր սկաւառակ մըն է, որ կրնայ նաեւ ցոյց տալ այն սիւնակը, որուն ընթերցումը վերջ գտած է: Նաեւ` մէկն է 13-րդ դարէն ի վեր գոյատեւած գիրքի 35 նշաններէն:
«Բթամատի հետքեր կան անոր վրայ,- կ՛ըսէ Քուաքըլ:- Նման նշաններ կ՛օգնեն, որ կապ մը հաստատենք դպիրներուն հետ: Այս նշանները ցոյց կու տան, թէ դարաններուն վրայ անշունչ բաներ չեն անոնց ձեռագիրները, այլ ապրող մարմիններ են, զորս կրնանք օգտագործել եւ շատ բան սորվիլ»:

