Արուեստի Աշխարհէն. Աննպատակ Գծելու Հակումը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ ԱՆՆՊԱՏԱԿ ԳԾԵԼ (ՏՈՒՏԸԼԻՆԿ): ԻՆՉՊԷՍ ՏԷՅՎԻՏ ՌՈՊՍԸՆ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ` ԱՆՆՊԱՏԱԿ ԳԾԵԼՈՒ ՄԵՐ ՀԱԿՈՒՄԸ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ԽՈՐ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐ ՈՒՆԻ, ՔԱՆ ԻՆՉ ՈՐ ԿԸ ԿԱՐԾԵՆՔ, ԻՍԿ ԱՆՈՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍԿՍԻ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԱՆԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋ:
Աւստրալիոյ անապատին մէջ բնակող արանտիք, ուորլփիրի եւ բնիկ այլ հաւաքականութիւններու միջեւ զրոյցները սովորաբար կը սկսին աւազին վրայ տարածութիւն մը ճիւղերէ եւ խճաքարերէ մաքրելով: Քանի մը վայրկեան ետք փոքրիկ կերպարներ անմիջապէս կը սկսին բնակիլ հարուստ կարմիր աւազին վրայ, մինչ կը պատմեն ոգիներու եւ նախնիներու մասին կամ պարզապէս լուրեր կը փոխանակեն դրացիներու մասին: Երբ պատմութիւնը կ՛աւարտի, աւազը դարձեալ կը մաքրուի եւ պատկերները «կ՛երթան հանգստանալու»` փափուկ հողին մէջ:
Աւստրալիոյ բնիկներուն գծած խորհրդանիշները եւ շարժումները այնքան պերճախօս են, որ կարգ մը լեզուաբաններ նոյնիսկ կը հաստատեն, որ անոնք ամբողջ պատմութիւններ կրնան պատմել` առանց խօսելու: Սակայն անոնց պատմութիւններուն թատերական բնոյթն է, որ հմայած է Մելպըռնի համալսարանի դասախօս Ճենիֆըր Կրինը: «Պատրաստ չէի այս պատմութիւններուն գեղեցկութիւնը տեսնելու, զանոնք շնորհալի շարժումներով գծելու թատերական գեղեցկութիւնը վայելելու: Անիկա դիւթիչ հմայք մը ունի», կ՛ըսէ ան:
Անապատին մէջ այս ձեւով գծելու սովորութիւնը ի յայտ կը բերէ հիմնական հարցումի մը պատասխանը, թէ` ինչո՞ւ կը գծենք: Այն վայրկեանին, երբ գունաւոր մատիտ մը կ՛առնենք մեր ձեռքին` կը մղուինք աննպատակ գծելու, եւ այս մղումը երբեք վերջ չի գտներ: Մտացրիւ վիճակի մէջ ճեպանկարներ կը գծենք կամ շարժուն գծանկարի պատկերներ կը վերարտադրենք նամակի պահարանի մը վրայ: Այլ խօսքով` մենք, մարդիկս, չենք կրնար առանց գծելու արտայայտուիլ: Պատկերի վրայ հիմնուած լեզուները աւելի մօտէն ուսումնասիրելով հաւանաբար կրնանք հասկնալ, թէ ինչո՛ւ այսպէս է:

Աւազի վրայ պատմութիւն մը, որուն տիպարները տերեւներն են:
Վերջին քանի մը տարիներուն գծելու իմացական գիտութիւնը դարձած է լուրջ ուշադրութեան առարկայ: Նախապէս ուսումնասիրողներ աւելի հետաքրքրուած էին գեղեցիկ արուեստները` Լէոնարտօ տա Վինչիէն մինչեւ Ճեքսըն Փոլաքի նման գեղանկարիչներու գործերը գնահատելու մեր մօտեցումով: Սակայն, շատ աւելի նուազ թիւով ուսումնասիրութիւններ կեդրոնացած էին աննպատակ գծելու մարդկային մղումը հասկնալու վրայ: Այսուհանդերձ, կը թուի, թէ աննպատակ գծած մեր պատկերները տեղ մը կը կատարեն յատկանշական դեր մը: Օրինակ, ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ բերած է, թէ աննպատակ գծելը ո՛չ թէ կը ցրուէ մեր ուշադրութիւնը, այլ կը կանխարգիլէ բաց աչքով անցեալի կամ ապագայի մասին երազելը, կը խթանէ մեր կեդրոնացումը եւ յիշողութիւնը: Այսպէս, երբ կամաւորներու տրուած է գծելու պարտականութիւն, անոնք ձայնագրութիւն մը լսելէ ետք 30 առ հարիւր համեմատութեամբ աւելի շատ տեղեկութիւն յաջողած են յիշել, բաղդատած այլ կամաւորներու, որոնք գծելու թելադրանք չեն ստացած: Այլ ուսումնասիրութիւն մը, որ լոյս տեսած է անցեալ տարի, ցոյց կու տայ, թէ մտացրիւ վիճակը իրականութեան մէջ կրնայ ամոքել խոցուած զգացումները եւ բարելաւել տրամադրութիւնը:
Խօսելով Գծել
Վերոնշեալ վերջին ուսումնասիրութիւնը ի յայտ կը բերէ պատճառ մը, թէ ինչո՛ւ հակումը ունինք աննպատակ գծելու: Սակայն վերջերս կարգ մը ուսումնասիրողներ կը վիճին, թէ գծելը շատ աւելի ներհուն հակում մըն է. այսինքն` տեսակ մը լեզու է: Քալիֆորնիոյ համալսարանի դասախօս Նիլ Քոն, որ հիմը դրած է պատկերաւոր վէպերու գիտական ուսումնասիրութեան, կը վիճի, թէ գծագրութիւնները ունին իրենց մէջ կրկնուող բառապաշար մը: Օրինակ, քարթուններու մէջ աստղերը ընդհանրապէս կը խորհրդանշեն բռունցքի հարուածի մը յաջորդած գլխապտոյտը կամ զիկ-զակ գիծերը` բոյրի մը գոյութիւնը: Անոնք նաեւ ունին իրենց յատուկ քերականութիւնը, ուր տարբեր տեսակի պատկերներ կը հետեւին յատուկ հերթականութեան մը: Քոն այս երեւոյթներէն մեկնած ցոյց կու տայ, թէ մարդկային մարմնին մէջ ջղային նոյն կեդրոնները գործի կը լծուին, երբ կը դիտենք գծանկարներով պատմուած պատմութիւն մը եւ գրաւոր նախադասութիւն մը: Այս բոլորը մտածել կու տան, թէ հարկ է գծելու մեր մղումը եւ կարողութիւնը դասել լեզուական այլ կարողութիւններու շարքին:
Իսկ ուորլփիրի եւ արանտիք ժողովուրդները ինչպէ՞ս անդրադարձած են այս իրողութեան: Երբ Քոն լսած է Աւստրալիոյ աւազի վրայ կատարուած գծագրութիւններուն մասին, անդրադարձած է, թէ անոնք իրեն կ՛ընձեռէին` նոր առիթ մը լեզուի մէջ գծելու դերը պեղելու:
Քոն իր ներշնչումը առաւելաբար ստացած է Կրինի հետ իր երկար զրոյցներէն ետք: Կրինի վերջին գիրքը` «Տրոն ֆրամ տը կրաունտ» մանրամասնօրէն կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս Աւստրալիոյ բնիկներուն լեզուին մէջ գծագրութիւնը, ձեռքի եւ գլխու շարժումներն ու խօսքը մէկտեղուած են` ստեղծելով հաղորդակցութեան միաձոյլ ձեւ մը: «Աւազի վրայ պատմուած պատմութիւններուն մէջ այս բոլորը իրարմէ բաժնելը շատ դժուար է», կ՛ըսէ ան:
Ինչպէս Կրին կը մատնանշէ, աւազի վրայ պատմութիւնները առաւելաբար կը պատմուին հաւաքականութեան մը մաս կազմող կիներու կողմէ, թէեւ տղամարդիկ եւս կրնան գծաւոր խորհրդանիշներ գործածել որոշ պարունակներու մէջ: Նոյնիսկ երբ այս կերպով հաղորդակցելու ձեւը փոխուած է, անիկա կը շարունակէ մաս կազմել բնիկներուն ինքնութեան: «Ժամանակին կիներ ծառի ճիւղ կը կտրէին եւ զայն կ՛օգտագործէին իբրեւ գծելու ճկուն գործիք,- կ՛ըսէ Աւստրալիոյ Արեւմտեան Անապատէն Լիզի Էլիս:- Սակայն կիներ այժմ կը գործածեն մետաղէ թելեր` փնջուած գեղեցիկ բռնիչներու մէջ»: Անոնք «պատմութեան թելերը» կը կախեն իրենց վիզէն, որպէսզի միշտ իրենց տրամադրութեան տակ պատրաստ ունենան:
Սովորաբար աւազին վրայ իրերը կը պատկերուին այնպէս` ինչպէս անոնց բնական պատկերը պիտի դրոշմուէր: Օրինակ, լատինատառ «եու» տառը կը խորհրդանշէ ծալապատիկ նստած անձ մը: Իսկ երբ ուսումնասիրող մը արրերթնէ բնիկներուն ցոյց տուած է ձիու մը պատկերը` կողմէն գծուած, այնպէս ինչպէս ձիերը կը պատկերուին արեւմտեան մշակոյթի մէջ, անոնք մտածած են, թէ ձին գետին ինկած էր եւ մեռած: Խորհրդանիշներէ բաղկացած այս բառապաշարին մաս կը կազմեն կիսատ շրջանակներ, որոնք կը խորհրդանշեն քարայր մը, ոլորապտոյտ գիծեր, որոնք կը խորհրդանշեն թուփեր եւ ծառեր, ճառագայթող գիծերէ դուրս եկող աստղեր, որոնք կը խորհրդանշեն կրակը:
Խօսակցութեան Նշաններ
Յատկանշական է, թէ աւազի վրայ դրոշմուած պատկերները կարելի է համադրել եւ ստեղծել բարդ իմաստներ: Օրինակ, «եու» տառի մը մէջ տեղադրուած աւելի փոքր «եու» տառ մը կը խորհրդանշէ մօր մը գիրկը նստած մանուկ մը: Միւս կողմէ` գծանկարներու վերեւ տեղադրուած ձեռքի որոշ նշաններ կը խորհրդանշեն տարբեր ձեւի շարժումներ, ինչպէս նաեւ` որոշ անասուններ կամ թռչուններ, որոնց պատկերը կարելի չէ դրոշմել աւազին վրայ: Նման բարդ օրէնքներ կը հաստատեն այն, ինչ որ Քոն ակնկալած էր ի յայտ բերել Միացեալ Նահանգներու մէջ շարժուն գծանկարի տիպարներ գծելու իր ուսումնասիրութեան ընթացքին, թէ` պատկերները կրնան եղափոխութեան ենթարկել լեզուական բազմաթիւ յատկութիւններ: «Անոնք գաղափարները կ՛ամրապնդեն բոլորովին տարբեր դիտանկիւններէ եւ շատ տարբեր ձեւերով», կ՛ըսէ Քոն:

Մանուկներ աննպատակ կը գծեն կանուխ տարիքէն. արդեօք թոթովելու պատկերաւոր ձե՞ւ մը կը գործածեն:
Թերեւս այս բոլորը միայն ակադեմական կարեւորութիւն կը ներկայացնեն, սակայն կրնան կենսական դեր ունենալ գծելու արարքը հասկնալու մէջ եւ բացատրել անոր ծնունդը: Վերջին քանի մը տարիներուն ականաւոր ուսումնասիրողներ, ինչպէս` Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն Մայքըլ Արպիպ սկսած են մտածել, թէ շարժուձեւերը եւ ձեռքով նշանները հաւանաբար զարգացած են խօսելէ առաջ: Անոնք նկատած են, թէ կապիկներ շատ աւելի դիւրութեամբ կը սորվին շարժուձեւերը եւ նշաններու լեզուն, մինչդեռ երբեք չեն կրնար խօսիլ: Իր յայտնաբերումներէն մեկնած` Քոն կը մտածէ, թէ պէտք է աւազի վրայ գծելը աւելցնել նախնական լեզուներու շարքին: Ան կ՛երեւակայէ վիճակ մը, երբ մեր նախնիները կը փորձէին իրարու հետ հաղորդակցիլ որսորդութեան ժամանակ եւ անասուններու ոտնահետքեր կը վերարտադրէին աւազին կամ հողին վրայ, մինչ կը փորձէին որոշել զանոնք որսալու լաւագոյն ռազմավարութիւնը:
Քոն պատրաստ է ընդունելու, թէ ասիկա պարզապէս նախնական տեսութիւն մըն է, զոր փաստելը շատ դժուար է: Այսուհանդերձ, աւազի վրայ գծագրութիւնները գէթ կրնան օգնել մեզի` վերատեսութեան ենթարկելու ժայռապատկերները, որոնք հաւանաբար շատ աւելի ուշ ի յայտ եկած են պատմութեան եղափոխութեան ընթացքին: Անցեալին ոմանք փորձած են զանոնք դասել արեւմտեան արուեստի գլուխ գործոցներուն շարքին, այսինքն` իբրեւ գեղանկարներ, որոնք իրագործուած են հանճարի մը կողմէ` յաւիտենութեան համար: Սակայն, Աւստրալիոյ անապատին անցողակի պատմութիւնները մտածել կու տան, թէ անոնք գծուած են իրական ժամանակի մէջ պատմութիւններ պատմելու նպատակով: «Չեմ բաժներ քարայրին մէջ նստած առանձին ստեղծագործող արուեստագէտի գաղափարը,- կ՛ըսէ Քոն:- Գէթ ինծի այնպէս կը թուի, թէ այս պատկերները պէտք է նկատել հաղորդակցութեան միջոց մը, անձի մը կողմէ, որ կը խօսի եւ կը գծէ իրական ժամանակի մէջ, թերեւս` ծիսական նպատակներով կամ պատին վրայ գծելով պատմութիւն մը պատմելով եւ մանուկները ուրախացնելով»:
Աւելի՛ն. գծելու նկատմամբ լեզուական հայեցակէտը կրնայ նաեւ բացատրել գծելու մեր այսօրուան մղումը, նաեւ` էջի մը լուսանցքներուն մէջ աննպատակ գծելու: Ի վերջոյ գիտենք, թէ մանուկներ կ՛անցնին «խծբծելու հանգրուանէ» մը, երբ մատիտ մը կ՛առնեն եւ իրենց դրոշմը կը դնեն թուղթի մը վրայ, պատին վրայ, գետնին կամ որեւէ այլ մակերեսի: Նաեւ որոշ նշաններ ցոյց կու տան, թէ նման գծագրութիւններ հաղորդակցութեան սկզբնական միջոցներ են: Օրինակ, կը թուի, թէ մանուկներուն գծած ոլորուն պատահական գիծերու չափը կը համապատասխանէ անոնց շրջապատին մէջ գտնուող իրերուն չափին: Քոնի ուսումնասիրութեան լոյսին տակ` գծելու բնազդային այս մղումը համազօր է «թոթովելու». այսինքն` խօսելէ առաջ նորածիններու արտաբերած ձայներուն: Թերեւս պարզապէս ինքնեկ մղումը ունինք հաղորդակցելու այնքան բազմաթիւ ձեւերով, որքան կարելի է, եւ մեր միջավայրը կ՛որոշէ, թէ ո՛ր ձեւը պիտի գերիշխէ:
Եթէ այսպէս է, ապա կը նշանակէ, թէ հաւանաբար բոլորս ունեցած ենք արուեստագէտ դառնալու կարողութիւնը, սակայն, պարզապէս առիթը չենք ունեցած կատարելագործելու զայն, ինչպէս` Աւստրալիոյ արանտիք եւ ուորլփիրի ցեղախումբերը: «Աւստրալիոյ անապատին մէջ ապրող բնիկները երկար ժամանակ գետին կը նստին, հետեւաբար աւազին վրայ գծելը մաս կը կազմէ իմաստներ ստեղծելու անոնց աշխատանքին,- կը բացատրէ Կրին:- Այս ձեւով պատմութիւններ պիտի չպատմէին անոնք, եթէ ապրէին քարքարոտ լերան մը վրայ»: Ոչ ալ քաղաքի կեանքը կը քաջալերէ, որ այս ձեւով գծենք այսօր: Բացառութիւն են Քոնի նման շարժուն գծանկարի տիպարներու սիրահարները, որոնք իրենց մանկութեան ժամեր անցուցած են` ընդօրինակելով զանոնք:
Ասիկա խորապէս կը խօսի Քոնի սրտին, որովհետեւ ան կը հաւատայ, թէ այս ձեւը ուղղակի ներգործութիւն ունի ուսուցանելու վրայ: Քոն կ՛ըսէ, թէ լեզու մը սորվելու ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցը մնջախօսութիւնն է եւ ընդօրինակութիւնը, այնպէս, ինչպէս բոլորս խօսիլ սորված ենք` թութակի պէս կրկնելով մեր ծնողներուն բառերը, իսկ գծելու ներգործութիւնը հաւանաբար տարբեր չէ: Դժբախտաբար Արեւմուտքի մէջ բազմաթիւ դպրոցներ կը նախընտրեն մանուկներուն թելադրել, որ գծեն ուղղակի կեանքէն, ինչ որ առիթ չի տար օգտագործելու լեզուական արտայայտութեան բնազդը: Այս մօտեցումը կրնայ դրական արդիւնք տալ միայն այն սակաւաթիւ անձերուն մօտ, որոնք կրնան սորվիլ Լէոնարտօ տա Վինչիի պէս գծել: Սակայն, իբրեւ սկիզբ, գէթ աւելի մեծ թիւով անձեր կրնան աւելի լաւ ստեղծագործել, եթէ փոխարէնը ծանօթանան պատկերազարդ գիրքերու սկզբունքին եւ իւրացնեն անոնց բառապաշարն ու քերականութիւնը: Յայտնաբար ճափոնցի մանուկներ հակամէտ են այս միջոցով գծել սորվելու. ճափոնցի պատանիներու գեղարուեստական կարողութիւնները շատ աւելի զարգացած են, բաղդատած` ամերիկացի պատանիներուն:
Արհեստագիտութիւնը Կը Խօսի
Հաւանաբար արհեստագիտութիւնը իր դերը պիտի ունենայ պատկերներու լեզուով հաղորդակցելու մէջ: Օրինակ` կը թուի, թէ իմոթիքոնները կը հետեւին քերականութեան որոշ տրամաբանութեան մը. անոնք կը շարուին որոշ յաջորդականութեամբ: Քոն զանոնք կը նկատէ տեսողական «արհեստական» լեզու մը, որովհետեւ շատ պարզացուած է: Սակայն, հետզհետէ աւելի կը դիւրանայ համակարգչային ափի գործիքներու պաստառին վրայ բան մը գծելը եւ ուղարկելը: Այս նպատակին ծառայող յատուկ ծրագիրներ, ինչպէս` Տրօ սամթինկ, ներգրաւած են ուրիշներու գծած պատկերները դիտող աւելի քան 100 միլիոն անձեր: Վերջերս փորձարկուած են այլ ծրագիրներ, որոնք կը թելադրեն լուռ հաղորդակցիլ` օգտագործելով Փիքշընըրիի նման խաղ մը: Փորձարկողները անդրադարձած են, թէ իրարու նման աննպատակ գծագրութիւններ կրկնուելէ ետք շուտով ստացած են յատուկ իմաստ, Աւստրալիոյ աւազի վրայ պատմուած պատմութիւններուն պէս:
Նոր արհեստագիտութիւնները նաեւ կրնան օգնել Աւստրալիոյ բնիկներուն` պահպանելու իրենց կարգ մը զարմանահրաշ պատմութիւնները: «Պատմութիւններ պատկերացնելու կարողութիւնը հրաշալի անցում մը կատարած է այ. Փէտերու յայտնագործումով», կ՛ըսէ Աւստրալիոյ Ազգային համալսարանի դասախօս Ինճ Քրալ: Ան վերջերս բնիկ կիներէ խնդրած է իրենց պատմութիւնները արձանագրել համակարգչային ափի գործիքներու պաստառին վրայ եւ զարմացած է, թէ անոնք որքան կարճ ժամանակի մէջ եւ բնական ձեւով տիրապետած են պաստառին վրայ գծելու կարողութեան: Այսպէս, Աւստրալիոյ բնիկները ո՛չ միայն կը պատմեն լեզուի եւ գծելու միջեւ անցեալին կապի մը մասին, այլ նաեւ ցոյց կու տան անոր ապագան:

