«ԱԶԴԱԿ»Ի «ՓԻՒՆԻԿ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ԾՈՎԻԿ ՄԽՃԵԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԱՀՊԱՆՈՂ «ԴԱՄԱՏԱՅԻ ԵՐԿՐԷՆ» ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութեան, երէկ` հինգշաբթի, 10 մարտ 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Վառ պահենք մեր տուները» նշանաբանով Ծովիկ Մխճեանի «Դամատայի երկրէն» գիրքին շնորհահանդէսը:
Հանդիսութեան բացման խօսքը Մարաշի հայրենակցական միութեան անունով արտասանեց Վանա Ագրապեան, որ նշեց, թէ Մխճեանի այս գիրքը հայ ընթերցողին կը հրամցնէ հայկական ճաշի նմուշներն ու անոնց պատրաստութեան եղանակները: Ագրապեան ըսաւ, որ Մխճեանի այս գործը բծախնդիր աշխատանք մըն է, որ գնահատելի է եւ կը ճոխացնէ հայկական ընտանիքներուն սեղանները:
Ապա խօսք առաւ «Դամատայի երկրէն» գիրքի հեղինակ Ծովիկ Մխճեան որ ըսաւ, թէ Մարաշի հայրենակցական միութիւնը հետամուտ է հայերու աւանդութիւններուն պահպանման եւ նոր սերունդի քաջալերման:
Մխճեան ըսաւ, որ գիրքին մէջ հայկական ճաշերու մասին տեղեկութիւններուն կողքին նաեւ տեղադրուած են հայկական կարգ մը շրջաններու աւանդութիւնները, կենցաղային յատկանիշները, Հայաստանի բնութիւնը եւ այլ տեղեկութիւններ: Մխճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին այս գիրքին հրատարակման:
Ապա գիրքին մասին խօսեցաւ «Բագին»ի փոխխմբագիր Սեդա Գրիգորեան, որ նշեց, թէ գիրքին մէջ քով-քովի բերուած են հայրենիքի մէջ թէ անկէ դուրս պատրաստուած ճաշատեսակները: Ան ըսաւ, որ Մխճեան հաւաքած է կերակրատեսակները, կիրարկած է, ստուգած է արդիւնքը եւ խմբագրած:
Խօսելով գիրքին բովանդակութեան մասին` Գրիգորեան զեկուցեց, թէ գիրքը նաեւ ազգային տօներուն իմաստը փոխանցող աղբիւր մըն է, որուն մէջ նաեւ տեղադրուած են օգտաշատ մտածումներ: Գրիգորեան շեշտեց, որ գիրքը հայկական ճաշերուն վաւերականութիւնը հաստատող ցուցանիշ մըն է: Ան յոյս յայտնեց, որ հայկական ճաշերու մնացեալ բաժինները հետագային այլ գիրքերով կը հրատարակուին հեղինակին կողմէ:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Յակոբ Գելուկեան եւ Գէորգ Մանուկեան, որոնք տուտուկով նուագեցին «Ամէն առաւօտ»ը, «Լուսնեայ գիշեր»ը եւ «Հորովել»ը:
Օրուան վերջին պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ նշեց, թէ այս հաւաքը սովորական ճաշի գիրքի մը շնորհահանդէսը չէ, այլ` հայկական տան մաս կազմող արժէք մըն է: Առաջնորդուելով «Հայկական է, պատուական է» կարգախօսով` առաջնորդ սրբազանը ըսաւ. «Մենք պէտք է մեր հայկական տուները վերադառնանք ու վերականգնենք»:
Գեղամ արք. Խաչերեան ըսաւ, որ Մարաշի հայրենակցական միութիւնը գործնական նախաձեռնութիւններ իրականացնող միութիւն մըն է, որ օգտաշատ նպատակներու համար իր նիւթական նպաստը կը տրամադրէ:
Շնորհահանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ գինեձօնի աւանդական արարողութիւնը: