ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱԶԴԱԿ»

Թալին Սուճեան

Պոլսահայ լրագրող եւ Միւնիխի Մերձաւոր արեւելեան ուսումնասիրութեան հիմնարկի գիտաշխատող Թալին Սուճեան երէկ առաւօտ այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Սուճեան Լիբանան այցելած է Հայկազեան համալսարանի հրաւէրով: Օրին անդրադարձած էինք անոր ներկայացուցած դասախօսութեան` անուանի կին գրող Զապէլ Եսայեանի եւ անոր կեանքին վերաբերող վաւերագրական ժապաւէնին մասին:

Թալին Սուճեանի հետ զրոյցը կեդրոնացաւ պոլսահայ համայնքին վերաբերող հարցերուն, ներթրքական հարթութեան վրայ արձանագրուող զարգացումներուն եւ սփիւռքեան խնդիրներուն վրայ:

Share this Article
CATEGORIES