50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 12 ՄԱՐՏ 1961 )

ԿԻՒԼՈՅԵԱՆԻ ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԵՐԵԿՈՆ
ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ

Թրիփոլիէն կը գրեն մեզի.-

Անցեալ կիրակի, 5 մարտ 1961, երեկոյեան ժամը 5-ին, տեղի ունեցաւ անմահն Խ. Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» ասմունքի երեկոն, Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան Խրիմեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ համանուն վարժարանի թաղականութեան ի նպաստ չքաւոր սաներու: Յակոբ Կիւլոյեանի արտասանական 13-րդ երեկոյթն էր ասիկա:

Երեկոյթին բացումը կատարեց թաղականութեան ատենապետ Շահպազ Մելիքեան: Գէորգ Պուրսալեան ապրումով երգեց Աբովեանի երգը:

Ասմունքող Յակոբ Կիւլոյեան 2 ժամ տեւող իր արտասանութեամբ, խորապէս ապրեցաւ ու ապրեցուց ունկնդիրները, որոտընդոստ ծափեր խլելով: Ներկայ հասարակութիւնը մօտէն ծանօթացաւ, թէ՛ Խ. Աբովեանի եւ թէ անոր ժամանակին տիրող պայմաններուն` շնորհիւ արտասանողին վերապրեցնող կարողութեան:

Դէմքերն ու դէպքերը կենդանի պատկերի մը վերածուեցան իր տպաւորիչ արտայայտութեամբ:

Եթէ կ՛ուզէք ճանչնալ Խ. Աբովեանի ժամանակը, պէտք է կարդալ «Վէրք Հայաստանի»ն, իսկ եթէ կ՛ուզէք ապրիլ այդ ժամանակը, պէտք է լսէք Յակոբ Կիւլոյեանը:

Պարգեւ քահանայի փակման խօսքով եւ «Պահպանիչ»ով վերջացաւ սոյն ոգենորոգիչ ասմունքը:

Ապրի՛ս Յակոբ

 

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԸ ԵՒ ԻՐ ԲԵՄԸ

Ըսուեցաւ եւ կը կրկնենք. առանձնապէս մխիթարական եւ քաջալերիչ է երիտասարդ հայ մտաւորականներու երեւումը հայ բեմերու վրայ` Համազգայինի քաղաքի վարչութեան նախաձեռնութեամբ: Երկու շաբաթ առաջ պատեհութիւն տրուեցաւ լսելու նորեկ համալսարանական մը` Վարդան Գրիգորեան, որուն դասախօսութեան յոյժ այժմէական նիւթը մեր մամուլին մէջ ունեցաւ իր արժանի անդրադարձը:

Հինգշաբթի, 9 մարտ, ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ առիթը ունեցանք լսելու ուրիշ նորաւարտ երիտասարդ մը` Շաւարշ Թորիկեան: Ընտրած նիւթը նոյնքա՛ն շահեկան էր ունկնդիրներուս համար, որքան` Վ. Գրիգորեանին դասախօսութեան նիւթը: Ինչպէս երիտասարդ մտաւորականը շեշտեց իր նախաբանին իսկ մէջ, մենք` սփիւռքի մէջ ցանուցրիւ հայերս, ո՛չ միայն պարտական ենք ապրիլ, անդրադառնալ, զուտ հայկական բնոյթ ունեցող հարցերուն, այլեւ` մօտէն ճանչնալ բոլոր այն ժողովուրդները, որոնք եղբայրական ասպնջականութեամբ մը, հոծ զանգուածներ հայրենազուրկ հայերու, իրենց երկրին մէջ հիւրընկալած են: Այս պարագան կրկնապէս անհրաժեշտ կը դառնայ արաբ ժողովուրդին կապակցութեամբ, որովհետեւ ըլլա՛յ տառապանքի գծով, ըլլա՛յ ազգային ազատագրական պայքարի գծով, հայ եւ արաբ ժողովուրդները իրենց դէմ ունեցած են առաւելապէս թրքական բռնակալութիւնը:

Այս նախաբանէն ետք երիտասարդ դասախօսը ծանօթացուց «արաբ ազգայնական» շարժման զանազան հանգրուանները` սկսած 17-րդ դարու վերջերէն մինչեւ մեր օրերը: Գիտնականի մը պաղարիւնութեամբ, պատուաստուած` անգլիական համալսարաններուն մէջ իր ստացած խոհական եւ ո՛չ զգացական դաստիարակութեամբ, թուեց բոլոր այն ճիգերն ու գաղափարական տուեալները, որոնք ձեւ տուին արաբ ազգայնականութեան: Ծանօթացուց, թէ ինչպէ՛ս ազգային զարթօնքի դուռը բացած են արաբ մտաւորականութեան առջեւ արեւմտեան յառաջադէմ գաղափարները, առաւելապէս Ֆրանսական յեղափոխութեան վարակիչ շունչով շիճուկուած, այլ նաեւ ձերբազատումը զուտ կրօնական հաւատալիքներու ազդեցութեան տակ, իսլամական կրօնին խալիֆայութիւնը իւրացուցած թուրքերէն: Բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս համաթուրանականութեան բացայայտ տրամադրութիւնը 1908-ի թրքական յեղափոխութենէն ետք դիմակազերծ ըրաւ թուրքերուն իսկական նպատակները, որ էր իսլամութեան անունին տակ միաձուլել, թրքացնել իրենց տիրապետութեան տակ գտնուած իսլամ ժողովուրդները, առանձնապէս արաբները:

Շաւարշ Թորիկեանի շահեկան եւ խնամուած դասախօսութեան մէջ շօշափուած բոլոր տուեալները վերարտադրել հոս` պիտի նշանակէր սիւնակներ նուիրել անոր: Լաւագոյնը պիտի ըլլար, եթէ դասախօսը իր իսկ խմբագրութեամբ, ընթերցողներուն սեփականութիւնը դարձնէր իր պրպտումները: Այդ պարագային է միայն, որ ան հասած կ՛ըլլար իր իսկական նպատակին, այն է` հայ համայնքին մէջ շահագրգռութիւն ստեղծել դէպի հիւրընկալ ժողովուրդին հոգեկան, մտաւոր եւ ազգային տենչերն ու ձգտումները:

Այնքանը միայն կրնանք ըսել, որ Շաւարշ Թորիկեան, առանց օգնութեան կանչելու ճարտասանական, հռետորական խօսքերու գրաւչութիւնը, կրցաւ, աւելի քան մէկ ժամ լարուած ուշադրութեամբ իրեն կապել ունկնդիր հասարակութիւնը:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

Share this Article
CATEGORIES