ՁԵՌԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ.- ՊԱՏԿԵՐՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱԿ
Անասուններու ձեւը ունեցող այս շրջանակները կրնաս գործածել ոչ միայն նկարներդ դնելու համար, այլ նաեւ պզտիկ գծագրութիւններ` սենեակդ զարդարելու համար:
ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՍ
Տարբեր գոյներով բարակ խաւաքարտի, մատիտի, գաւաթի մը, գծաքաշի, մկրատի, թելի, խէժի, կպչուն երիզի, նկարներու կամ պզտիկ գծագրութիւններուն:
Բացատրութիւն
1.- Գաւաթը գործածէ խաւաքարտին վրայ անասունին գլուխը գծելու համար: Կլորակը կտրէ:
2.- Նոյն գոյնի խաւաքարտին վրայ 7 սմ լայնքով եւ, ըստ փակցնելիք նկարներուդ թիւին, 11 սմ, 18 սմ կամ 23 սմ երկայնքով քառանկիւն մը գծէ:
3.- Չափահասէ մը խնդրէ, որ այդ խաւաքարտէ երիզին վրայ 4×4 սմ քառակուսի պատուհաններ կտրէ պատկերներուն համար: Գլուխը փակցուր:
4.- Անասունին տարբեր բաժինները գծէ եւ կտրէ. աչքերը, բերանը, քիթը, կտուցը…
5.- Անասունին վրայի մանրամասնութիւնները եւ աւելորդ զարդարանքները փակցուր: Նկարներդ կամ գծագրութիւններդ խաւաքարտին ետեւէն փակցուր կպչուն երիզի կտորներով: Ետեւը փակցուր նաեւ թել մը` օղակի ձեւով շրջանակդ պատին վրայ կախելու համար: