Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Կենսանիւթերու Եւ Հանքայիններու Հաւասարակշռութեան Կարեւորութիւնը Մեր Առողջութեան Վրայ» Նիւթով
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ «Կենսանիւթերու եւ հանքայիններու հաւասարակշռութեան կարեւորութիւնը մեր առողջութեան վրայ» նիւթով դասախօսութիւն, զոր ներկայացուց սննդագէտ Մարիա Թէքէեան:
Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց ատենապետ Սոնա Եափուճեան, որ ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօսը, նշեց, թէ մարմնի իւրաքանչիւր գործարան, գեղձ, հիւսկէն, ուղեղ, մորթ, արիւն, առողջ գործունէութեան համար պէտք ունին իրենց յատուկ կենսանիւթերու եւ հանքային աղերու, այլապէս անոնց անբաւարար գոյութիւնը մարմնին մէջ կրնայ յառաջացնել առողջապահական այլազան բարդութիւններ կամ հիւանդութիւններ: Վերջապէս առողջ ապրելու համար նախընտրելի է, որ ուտելիքները սպառենք ճիշդ ձեւով եւ չափով:
Սննդագէտ Մարիա Թէքէեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով սնունդի եւ երկարակեցութեան միջեւ կապը, թէ որքանով սնունդը եւ անոր համակարգուած բազմազանութիւնը կը նպաստեն առողջ եւ երկար կեանք մը ապահովելու: Ան նշեց երեք գլխաւոր մահուան պատճառներ, որոնք գոյութիւն ունին Լիբանանի մէջ:
ա- Սրտի հիւանդութիւններ- 21 առ հարիւր
բ- Ուղեղային կաթուածներ – 7 առ հարիւր
գ- Զանազան արկածներ – 4 առ հարիւր
Իսկ Լիբանանի մէջ մահուան միջին տարիքը 79 տարիքն է: Միջազգայնօրէն սրտանօթային հիւանդութիւնները կը կազմեն մահուան գլխաւոր պատճառը, տարեկան 8 միլիոն հոգի կը մահանայ` ըստ Միջազգային առողջապահական կազմակերպութեան:
Լիբանանի մէջ վեց անհատներէն մէկը կը տառապի շաքարախտէ, իսկ 2030-ին 5 անհատներէ մէկը պիտի տառապի շաքարախտէ:
Քաղցկեղի պարագային կրկին կայ 10 առ հարիւր համեմատութիւն, որ կապուած է ոչ առողջ սնունդի գործածութեան հետ: Այս շարքին կարելի է թուել միզամանի, ստամոքսի, բերանի եւ աղիքներու քաղցկեղի պարագաները:
Սննդագէտ Մարիա Թէքէեան յաջորդ բաժինով թուեց տարբեր կենսանիւթեր ու հանքային աղեր, որոնք հիմնական դեր ունին առողջ ապրելակերպի մը մէջ, օրինակ` քալսիոմ, փոթասիոմ, մակնեզիոմ, կենսանիւթ «Սէ», «Պէ», «Ա», «Տէ» եւ «Ի»:
Դասախօսը վերջին բաժինով նշեց շարք մը հանքային աղեր, որոնք շատ փոքր քանակութեամբ անհրաժեշտ են մեր մարմինին համար, օրինակ`
սելենիոմ, զինք, քրոմիոմ, երկաթ եւ պղինձ:
Մարիա Թէքէեան վերջին բաժինով նշեց զանազան կենցաղային պայմաններ, որոնք կը նպաստեն երկարակեցութեան եւ առողջ ապրելակերպի:
Աւարտին դասախօսը պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն` տարբեր օրինակներով եւ բացատրութիւններով:

