Քարասին Եւ Ապաշիծէ Պիտի Քննարկեն Վրաստանի Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Նոր Ճամբու Կառուցման Հարցը

1013_Georgia_Russia«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիքիծէ յայտնած է, որ Վրաստանի վարչապետի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Զուրապ Ապաշիծէի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասինի յառաջիկայ հանդիպումին ընթացքին կրնայ արծարծուիլ Վրաստանի արեւելեան շրջանի եւ Տաղստանի միջեւ նոր ճամբու կառուցման հարցը:

«Մենք առայժմ ճամբու կառուցման ծրագիրներուն վերաբերեալ տեղեկատուութիւն ունինք միայն լրատուամիջոցներէն, եւ Ռուսիան մեզի նման առաջարկ չէ կատարած: Սակայն բացառուած չէ, որ այդ նիւթը արծարծուի Ապաշիծէի եւ Քարասինի հանդիպման ընթացքին», լրագրողներուն յայտնած է Փանճիքիծէ:

«Ատիկա պիտի ըլլայ առաջին հանդիպումը այն բանէն ետք, երբ ուժի մէջ մտաւ Եւրոպական Միութեան հետ Վրաստանի ընկերակցութեան մասին համաձայնագիրը: Առայժմ Ռուսիոյ հետ ոչ մէկ խնդիր ունեցած ենք առեւտրական ու տնտեսական յարաբերութիւններու առումով», ըսած է ան:

«Նովոսթի Կրուզիա» հաղորդած է, որ Ռուսիոյ եւ Վրաստանի ներկայացուցիչներու հերթական հանդիպումը, ինչպէս կ՛ենթադրուի, տեղի պիտի ունենայ 15-16 հոկտեմբերին` Փրակայի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES