Ռուսիոյ Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Միացեալ Ռազմափորձեր Կատարելու Հարցը

Շոյկու եւ Ալիեւ

Շոյկու եւ Ալիեւ

Ազրպէյճանական kontakt.az կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարները երկուշաբթի օր Պաքուի մէջ կատարեցին բանակցութիւններ, որոնց իբրեւ արդիւնք ստորագրուած է 2015-ի համագործակցութեան ծրագիրը:

Հանդիպումին սկիզբը Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու ըսած է, որ պիտի քննարկեն զինուորական-արհեստագիտական համագործակցութեան առնչուող «լուրջ հարցեր», ինչպէս նաեւ շրջանային խնդիրներ:

Այդպիսի հարցերու շարքին Շոյկու նշած է Կասպից ծովուն մէջ միացեալ ռազմափորձերու կայացման, զինուորականներու պատրաստման եւ շրջանային անվտանգութեան ապահովման հարցերը:

Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ հանդիպումին աւարտէն ետք Շոյկու հանդիպում ունեցած է նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են զինուորական մարզին մէջ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:

Ոչ պաշտօնական աղբիւրներ կ՛ենթադրեն, որ քննարկման հարցերու ծիրին մէջ եղած է նաեւ Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմակայանի մատակարարման հարցը, որ փաստացի շրջափակման մէջ յայտնուած է` Վրաստանի տարածքով ռուսական օդանաւային ընկերութեան թռիչքներու արգելքին պատճառով:

Share this Article
CATEGORIES