Բրիտանիոյ Խորհրդարանը Որդեգրեց Պաղեստինեան Պետութիւնը Ճանչցող Ոչ Պարտադիր Որոշումը
Բրիտանիոյ խորհրդարանը 274 թեր եւ 12 դէմ քուէներով որդեգրեց բրիտանական կառավարութեան համար ոչ պարտադիր որոշում մը, որ Իսրայէլի կողքին գոյութիւն ունեցող պաղեստինեան պետութիւն մը կը ճանչնայ` նպաստելու համար բանակցուած լուծումին, որ պիտի ամրացնէ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի երկու պետութեան հիմամբ լուծումը:
Նշեալ քուէարկութիւնը անմիջական փոփոխութիւն մը պիտի չյառաջացնէ եւ միայն խորհրդանշական միջոցառում մըն է, որ Բրիտանիոյ կառավարութեան չի պարտադրեր անոր հետեւիլ:
Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքի յայտնեց, որ իրենք կը սպասեն, որ բրիտանական կառավարութիւնը յարգէ խորհրդարանին որոշումը` նոյնիսկ եթէ ատիկա պարտադիր չէ, եւ Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու իր մտադրութիւնը անմիջապէս յայտարարէ: Ան այդ որոշումը նկատեց «քաջարի»` նկատի ունենալով անցնող օրերուն խորհրդարանին վրայ բանեցուած ճնշումները:
Իսրայէլի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Մեթիու Կոլտ իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. «Այս քայլը ցոյց կու տայ, որ բրիտանական հանրային կարծիքին մօտ փոփոխութիւն տեղի ունեցած է» եւ այդ իրողութեան հետ հաշուի նստելու համար Իսրայէլ պէտք է դադրեցնէ բնակեցման վայրերու կառուցումն ու ընդլայնումը եւ նպաստէ Կազայի վերաշինութեան:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Պաղեստինի պետութիւնը խորհրդանշաբար ճանչնալու բրիտանական խորհրդարանի քայլը խաղաղութեան առիթները կ՛արգելակէ»: Նախարարութիւնը ճանաչումը «իր ատենէն կանուխ» նկատեց եւ «պաղեստինցի ղեկավարներուն ուղղուած մտահոգիչ պատգամ մը, թէ կրնան երկու կողմերուն պարտադիր դժուար ընտրանքները շրջանցել, ինչ որ կը խանգարէ իսկական խաղաղութեան իրագործման առիթները»:
Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Իցհաք Հերցոկ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին քուէարկութեան արդիւնքը Իսրայէլի վարչապետին, արտաքին գործոց նախարարին եւ ամբողջ նախարարաց խորհուրդին «մէկ յաւելեալ ձախողութիւնը» նկատեց:

