Հէյկըլ. «Ամերիկեան Բանակն Ու Ռուսական Հզօր Բանակը Պիտի Ստիպուին Ահաբեկիչներուն Դէմ Դնելու»

Չաք Հէյկըլ
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտարարեց. «Ամերիկեան բանակը պիտի ստիպուի ահաբեկիչներուն դէմ դնելու, նոյն ստիպողութեան առջեւ պիտի գտնուի նաեւ հզօր, ազդու եւ ՕԹԱՆ-ի շեմին կանգնած ռուսական բանակը»:
Ան նշեց, որ ապագային ամերիկեան բանակին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները պիտի շատնան, եւ աւելի տարատեսակ ու դժուար դառնան: «Ահաբեկիչներու եւ զինեալներու վտանգը երկարատեւ ժամկէտով պիտի շարունակուի», ըսաւ Փենթակոնի ղեկավարը:
Հէյկըլ ըսաւ, որ ամերիկեան բանակը Միացեալ Նահանգներու ապահովութիւնը կ՛երաշխաւորէ, ինչ որ ակներեւ է Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ, ուր ամերիկացի զինուորներ կը փորձեն իպոլա ժահրի տարածումը կանգնեցնել, ինչպէս նաեւ Լեհաստանի եւ Պալթեան երկիրներուն մէջ, ուր ամերիկացի զինուորները կ՛աջակցին ՕԹԱՆ-ի ուժերուն` ընդդէմ ռուսական նախայարձակումին: Ան նշեց, որ այդ մէկը ակներեւ է նաեւ Իրաքի մէջ, ուր ամերիկացիք ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներուն դէմ կը դնեն:
«Ամերիկացի զինուորները աշխարհի տարածքին 150 շրջաններու մէջ կը ծառայեն», ըսաւ ան:

