Քրտական Աղբիւր Մը ՏԱՀԵՇ-ի` Արաբունարէն Վտարումը Ժամերու Հարց Կը Նկատէ. Քրտական Ուժերը Նկատառելի Յառաջխաղացք Կ’արձանագրեն

1016_Kobane(1)Մինչ Արաբունարի մէջ Քրտական ժողովուրդի ուժերուն եւ ՏԱՀԵՇ¬ի զինեալներուն միջեւ բախումները մուտք գործեցին իրենց երկրորդ ամիսը, հակառակ իրենց զինամթերքի պակասին, քիւրտ զինեալները հակայարձակումի դիմելով վերատիրացան քաղաքին մէջ հինգ թաղերու: Երէկ գիշեր «Մայատին» հաղորդեց, որ քրտական աղբիւր մը յայտնած է, թէ քիւրտերը քանի մը ժամէն պիտի յայտարարեն, որ ամբողջութեամբ վերատիրացած են Արաբունարին:

Ամերիկեան ղեկավարութեամբ դաշնակից ուժերու ռմբաձիգները աշխուժացուցին հարուածները քաղաքին մօտ գտնուող ՏԱՀԵՇ¬ի դիրքերուն դէմ, որոնց դէմ 11 յարձակումներ գործեցին: Ամերիկեան բանակէն աղբիւրներ հաղորդեցին, որ օդային հարուածները քաղաքին մերձակայ շրջաններուն մէջ ՏԱՀԵՇ¬ի յառաջդիմութիւնը դանդաղեցուցած են: Փենթակոն Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ արշաւը կոչեց «Ամբողջական վճռակամութիւն»: Արաբունարի տեղական կառավարման մարմինի անդամ Իտրիս Նահսան «Մայատին»-ին յայտնեց, որ օդային հարուածները իրենց ազդուութիւնը ցոյց տուած են` աւելցնելով. «Եթէ օդային յաւելեալ աջակցութիւն ըլլայ, քիւրտերը պիտի կարենան Արաբունարը ամբողջովին ազատագրել»:

Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը յայտարարեց, որ Արաբունարի բախումներուն ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի 374 զինեալներ սպաննուած են, Քրտական պաշտպանութեան ուժերէն` 258, 9 այլ քիւրտեր եւ 20 քիւրտ քաղաքայիններ: Դիտարանը աւելցուց, որ այս թիւերուն մէջ չեն ներառուած օդային հարուածներուն պատճառով արձանագրուած զոհերը:

Դիւանագիտական աղբիւրներ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Թուրքիա Սուրիական ազատ բանակէն ուժերու ստիպած է քիւրտերու կողքին կռիւի դիրքերէն հեռանալու դէպի թրքական հողեր եւ բախումներու բեռը ձգելու քիւրտերուն ուսերուն, ապա այս բոլորէն ետք ռմբակոծած է թրքական հողերուն վրայ գտնուող քրտական այն դիրքերը, որոնք կ’օժանդակեն Արաբունարի բնակիչներուն:

Երէկ գիշեր Փենթակոն յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ¬ի դէմ միջազգային դաշինքին մասնակցութեան հարցով թուրքերու հետ դրական բանակցութիւններ տեղի ունեցած են: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ պատրաստակամ է Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի մը ստեղծելու հարցը Թուրքիոյ հետ քննարկելու, սակայն այդպիսի գօտիի մը ստեղծումը ներկայիս իրենց համար նպատակ մը չէ:

Նշենք, որ ամերիկեան ռմբաձիգները երէկ Հասաքէի հարաւը գտնուող Շատտատէ գիւղին շուրջ ՏԱՀԵՇ¬ի դիրքերուն դէմ 7 յարձակում գործեցին:

Share this Article
CATEGORIES