Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 բանաձեւի գործադրութեան ՄԱԿ-ի յատուկ բանագնաց Թերի Ռոտ Լարսըն կոչ ուղղեց զինուորական օժանդակութիւնները ամէնէն արագ միջոցին հասցնելու Լիբանան: Ան Լիբանանի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի գոյութիւնը շատ վտանգաւոր նկատեց` ընդգծելով Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին լիբանանեան բանակի առանց նախապայմանի զինումին` աւելցնելով, որ իրենք կ՛ուզեն պաշտպանել բանակին դերակատարութիւնը` քաղաքական եւ գործնական առումով:

«ՄԱՅԱՏԻՆ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել շաբաթ օր Թեհրանի մէջ իրանցի իր պաշտօնակից Հիւսէյն Տահքանի հետ պիտի քննարկէ Լիբանանի տրամադրուելիք իրանեան զինուորական օժանդակութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին լուծումը կրնայ երկար ժամանակ խլել` շեշտելով, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկու տարի եւ եօթը ամիսով պիտի երկարաձգուի:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա որոշած է զինուորական զօրաշարժի ենթարկուիլ` Քալամունի ճակատամարտին յաղթելու նպատակով:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, Հըզպալլա պատրաստ է Արսալի բարձունքներէն գործուելիք ահաբեկչական որեւէ յարձակումի դէմ դնելու:

ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ընտրութեան թեկնածու, երեսփոխան Հանրի Հըլու յայտնեց, որ իրանեան-սէուտական յարաբերութիւններուն վատթարացումը պէտք է իրենց միջեւ համաձայնութեան ազդակ մը ըլլայ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս եւ մարոնի համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն բարձր գնահատեցին մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին ջանքերը` նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով:

ԿԱԹՈՂԻԿԷ համայնքի տեղեկատուական կեդրոնի պատասխանատու հայր Ապտօ Ապու Քասմ շեշտեց, որ իսլամները պէտք է կարեւոր դերակատարութիւն ունենան` հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ դնելու առումով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն միջեւ համեմատութիւն կատարելը ճիշդ քայլ մը չէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իր թեկնածութիւնը յետս պիտի կոչէ նախագահական համախոհական թեկնածուի մը գոյութեան պարագային:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան երկմտանքն ու վարանումը Սուրիոյ կառավարութեան հետ գործակցելու առումով Լիբանանի եւ լիբանանեան բանակին շահերուն չի ծառայեր:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ կայ լիբանանեան քաղաքական ուժ մը, որ լուրջ չէ աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու առումով:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով զինուորական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Միացեալ Նահանգներ այցելութիւնը կը միտի բանակին տրամադրուելիք ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները քննարկել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ Սուրիայէն Հըզպալլայի հեռացումը վերջ մը պիտի չդնէ Լիբանանի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կազմաւորման:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Հըզպալլա չի փափաքիր նախագահական ընտրութիւն կատարել, որպէսզի Լիբանան սակարկութեան խաղաքարտի վերածուի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի քանի մը օր առաջ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ դադրած է Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն նախագահական թեկնածուն ըլլալէ, իսկ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն համախոհական թեկնածու մը չէ:

ՊՔԵՐՔԷԻ տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու, իրաւաբան Ուալիտ Ղայեատ յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի իրենց հանդիպումին ընթացքին նախագահական ընտրութեան թեկնածուներուն անունները չեն քննարկած:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյց մը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին եւ կազին սակը նուազած է 400 լ. ոսկիով, մազութին թիթեղը` 1000 լ. ոսկիով, տիզըլը` 500 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին շիշը` 200 լ. ոսկիով:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ կոչ ուղղեց խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու որոշումը ուղղակի նախագահական ընտրութեան առնչելու` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան գծով տակաւին քննարկումները չեն հասած թեկնածուներու անուններու հանգրուանին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Թրիփոլիի Ապտալլա պըն Մեսուտ մզկիթը ապաստանարանի վերածած ահաբեկիչներ Շատի Մաուլաուի եւ Ուսամա Մանսուր փախուստ տուած են, եւ մզկիթը յանձնուած է Տար Ֆաթուային` Թրիփոլին արիւնահեղութենէ մը պահպանելու նպատակով:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, երկիրը կը գտնուի հիւսիսային Լիբանանէն հարաւային Լիբանան բռնկելիք բաց ճակատամարտի մը սեմին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը Լիբանանի համար կը փափաքի ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ այս կամ այն համաձայնութեան նպատակը իրագործելու համար չընտրուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ յայտնեց, որ Հըզպալլա պէտք է հեռանայ Սուրիայէն, որովհետեւ Լիբանան ոչ մէկ շահ ունի Սուրիոյ վարչակարգը պաշտպանելու առումով:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Նահար» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա իր մարտիկները զօրաշարժի ենթարկած է` կանխարգիլելու համար ՏԱՀԵՇ-եան որեւէ յարձակում:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Լիբանանի դիմագրաւած այս վտանգաւոր հանգրուանին երկրին փրկարարը կրնայ ըլլալ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ ահաբեկչութիւնը աւելի քան որեւէ ժամանակ կը սպառնայ Լիբանանին` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով ցարդ ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Նահար» օրաթերթին համաձայն, առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարը հետզհետէ կը բարդանայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ իրենք երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի չմասնակցին, նախքան նախագահական ընտրութեան կայացումը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Ուաշինկթընի մէջ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` բարելաւելու համար լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք զինուորական օժանդակութիւնները, յատկապէս լիբանանեան օդուժը հզօրացնելու առումով:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, բանակայինները առեւանգած ահաբեկիչներուն հետ Քաթարի բանակցութիւնները դրական հունի մէջ են:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, Մոսկուայի մէջ գտնուող լիբանանեան զինուորական պատուիրակութիւնը կեդրոնացած է պատերազմական օդանաւեր ստանալու Լիբանանի կարիքին վրայ:

ԸՍՏ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու կարելիութիւնը պիտի քննարկուի երեսփոխան Նիքոլա Ֆաթթուշի առաջարկած օրինագիծին հիման վրայ:

Նշենք, որ Ֆաթթուշի ներկայացուցած օրինագիծը կ՛առաջարկէ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկու տարի եօթը ամիսով երկարաձգել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հըմայէտ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակը քաղաքական առումով պաշտպանելու` աւելցնելով, որ բանակը պէտք է մնայ ամուր եւ անձեռնմխելի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES