Զօր. Աուն Ընդունեց Ուահապը

Ուահապ եւ զօր. Աուն

Ուահապ եւ զօր. Աուն

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս` ապահովական առումով:

Հանդիպումէն ետք Ուահապ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալի կատարած յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Սէուտական Արաբիա Սուրիոյ եւ Իրաքի առումով մագլցողական քայլեր կ՛առնէ, «եւ այդ մէկը կրնայ իր հետեւանքները ունենալ Սէուտական Արաբիոյ վրայ», աւելցուց Ուահապ:

Ան աւելցուց նաեւ, որ Սէուտ Ֆայսալի քայլերը ցոյց կու տան, թէ Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով ան ոչ մէկ լրջութիւն կը ցուցաբերէ:

Share this Article
CATEGORIES