Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Գումարեցին Ընդարձակ Նիստ Մը
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ գումարեցին ընդարձակ նիստ մը` նախագահութեամբ Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորայի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, ինչպէս նաեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու անդամ մեծ թիւով երեսփոխաններ եւ նախարարներ:
Հանդիպումին ընթացքին Մաշնուք ներկայացուց այն դրդապատճառները, որոնք զինք մղած են յայտարարելու, թէ կարելի չէ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել` նկատի ունենալով երկրին քաղաքական ղեկավարութիւններուն սպառնացող վտանգներն ու Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունեցած հետեւանքները:
Իր կարգին, Սինիորա ներկայացուց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիրիի ունեցած հանդիպումին արդիւնքները:
Հանդիպումին ներկայ քաղաքական ուժերը լուսարձակի տակ առին այն իրականութիւնը, թէ Լիբանան վտանգներու ենթակայ պիտի մնայ, այնքան ատեն որ Հըզպալլա Սուրիոյ պատերազմին կը մասնակցի:

