Հանրապետութեան Միւֆթին Ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը Եւ Ուատիհ Խազենը

Դեսպան Ասիրի եւ միւֆթի Տըրիան

Դեսպան Ասիրի եւ միւֆթի Տըրիան

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները:

Հանրապետութեան միւֆթին ողջունեց Սէուտական Արաբիոյ եւ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին ունեցած դերակատարութիւնը` առանց խտրութեան Լիբանանի օժանդակելու առումով:

Միւֆթի Տըրիանի այցելեց նաեւ Մարոնի համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազենը, որ հանդիպումէն ետք ընդգծեց Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Խազեն շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին հանրապետութեան միւֆթին հաստատած է, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը հզօրագոյն զէնքն է` շրջանային եւ միջազգային ապահովական զարգացումներէն երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը երաշխաւորելու առումով:

Share this Article
CATEGORIES