Արսալի Մէջ Բանակը Ձերբակալեց Յանցագործ Մը

Լիբանանեան բանակը երէկ Արսալի մէջ զետեղած իր անցարգելներէն մէկուն վրայ ձերբակալեց Իպրահիմ Իսա Պոհլոքը, որ Արսալի մէջ արձանագրուած ապահովական վերջին դէպքերուն մեղսակցած էր:

Բանակի հրամանատարութիւնը հաստատեց նաեւ, որ Պոհլոք ամբաստանուած է լիբանանեան բանակի սպայ մը սպաննելու յանցանքով:

Միւս կողմէ, Պեքաայի Ուատի Հըմայտ շրջանին մէջ երկու անհատներ մոթորսիքլեթով կը փորձէին ապօրինի ճամբաներ օգտագործել` անտեսելով բանակին անցարգելը:

Անցարգելին վրայ գտնուող զինուորները կրակ բացին իրենց հրահանգին չենթարկուող այդ անհատներուն վրայ եւ վիրաւորեցին անոնցմէ մէկը, որ Հուժէյրի ընտանիքին կը պատկանի, իսկ միւսը փախուստ տուաւ:

Լիբանան Բողոքած Է Իսրայէլի Դէմ

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մօտ ներկայացուց Իսրայէլի դէմ բողոքագիր մը` 5 հոկտեմբեր 2014-ին իսրայէլեան շրջուն ջոկատի մը կողմէ լիբանանեան բանակի Սատտանէի դիրքերը գնդակոծելուն եւ լիբանանցի զինուոր մը վիրաւորելուն առիթով:

 

Share this Article
CATEGORIES