Սթեֆան Տը Միսթուրա Այցելեց Վարչապետ Սալամի

Տը Միսթուրա եւ Սալամ
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրան` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Տերեք Փլամպլիի:
Հանդիպումէն ետք վարչապետարանէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ տը Միսթուրա յայտնեց, որ ինք Լիբանանէն ետք պիտի այցելէ նաեւ Իրան եւ Թուրքիա, ապա պիտի ուղղուի Նիւ Եորք եւ հաւանաբար Մոսկուա:
Տը Միսթուրա յայտնեց, որ ՄԱԿ մտահոգ է Լիբանանի ապահովական անկայունութեամբ` աւելցնելով, որ Լիբանան սուղ կը վճարէ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքներուն գինը:
«Մենք կը հետեւինք Լիբանանի դիմագրաւած սահմանային հարցերուն ու բախումներուն եւ գիտենք, որ Լիբանան յաղթական դուրս պիտի գայ: Շրջանին եւ աշխարհին մէջ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կարեւոր է եւ ասիկա կը նշանակէ, թէ Լիբանան պէտք է նաեւ քաղաքական առումով կայունանայ», ըսաւ տը Միսթուրա:

