Վարչապետ Սալամ Ընդգծեց Առեւանգուած Բանակայինները Ազատ Արձակելու Նպատակով Ջանքերը Շարունակելու Յանձնառութիւնը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:15-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 68 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ  պահանջեց հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին սահմանադրական հաստատութիւններու հեզասահ աշխատանքին ապահովումը:

«Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու նպատակով ջանքերը շարունակելու յանձնառութիւնը ի զօրու է», ըսաւ Ժրէյժ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը ուղղակի կապի մէջ է առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն հետ:

Ան յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է Արեւմտեան Պեքաայի մէջ կոյուղիի մը շինութիւնը ֆինանսաւորելու ծրագիրը, ընդունած է Եւրոպական Միութեան կողմէ տրամադրուած նիւթական նպաստ մը, ինչպէս նաեւ համաձայն գտնուած է Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի անդամներուն թիւը երկուքով բարձրացնելու առաջարկին:

Կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է նաեւ ֆինանսաւորելու Էհտենի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ վերակառուցումը:

Պէտք է նշել, որ նիստին մուտք գործելու ընթացքին արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին լուծումը դժուար է` աւելցնելով, որ կառավարութեան համար այդ հարցը առաջնահերթութիւն պիտի մնայ, այնքան ատեն որ անիկա անլոյծ է:

Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները
Կը Շարունակեն Իրենց Բաց Նստացոյցը

Նշենք, որ առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները, որոնք Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կը շարունակեն իրենց բաց նստացոյցը, սպառնացած էին Լիբանանի համար երէկ սեւ օրի մը վերածել, եթէ իրենց զաւակներուն ազատ արձակումին առումով արդիւնքներ կարելի չըլլայ ապահովել:

Աւելի ուշ ընտանիքներէն պատուիրակութիւն մը, վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյրի հետ:

Հանդիպումէն ետք առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները յայտնեցին, որ Խէյր իրենց ներկայացուցած է առեւանգող կողմին հետ ընթացող բանակցութիւններուն մանրամասնութիւնները, որոնք դրական են:

«Մեր որդեգրելիք մագլցողական քայլերը պիտի յետաձգուին, սակայն բանակցութիւններու խոչընդոտման որեւէ պարագայի անոնք պիտի գործադրուին», ըսին անոնք` հարց տալով դատական իշխանութիւններուն կողմէ շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրիի դէմ այս հանգրուանին արձակուած բերման գիրին մասին եւ աւելցնելով, որ այդ որոշումը իրենց շահերուն չի ծառայեր:

 

Share this Article
CATEGORIES