Սուխումի Հայ Համայնքի Ղեկավարը` Աբխազիոյ Փոխվարչապետ

Սուրէն Կերսելեան

Սուրէն Կերսելեան

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Աբխազիոյ մէջ հաստատուած է կառավարութեան նոր կազմը: Համապատասխան հրամանագիրը ստորագրած է Աբխազիոյ նախագահ Ռաուլ Հաճիմպան: Նոր կառավարութեան մէջ այսուհետեւ պիտի ըլլայ երեք փոխվարչապետ:

Սուխումի հայ համայնքի ղեկավար Սուրէն Կերսելեան նշանակուած է երկրորդ փոխվարչապետ եւ պիտի գլխաւորէ նաեւ աշխատանքի ու ընկերային ապահովութեան նախարարութիւնը:

Առաջին փոխվարչապետի պաշտօնը ստանձնած է Շամիլ Ածինպա, իսկ երրորդ փոխվարչապետի պաշտօնին վրայ նշանակուած է Վիքթոր Խիլչեւսքի, որ միաժամանակ պիտի ըլլայ ուժանիւթի, փոխադրամիջոցներու եւ հեռահաղորդակցութեան նախարար:

Share this Article
CATEGORIES