Անգարայի Քաղաքապետը Քիւրտ Անուան Տակ Ծպտուած Հայերը Մեղադրած Է Անկարգութիւններ Հրահրելու Համար

Մելիհ Կէօքչեք

Մելիհ Կէօքչեք

«Տեմոքրաթ Հապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէօքչեք «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր հաշիւին վրայ կատարած հակահայկական գրառումին համար «Թուիթըր»-ի օգտատէրերու քննադատութեանց թիրախ դարձած է:

Քաղաքապետը գրած է. «Քիւրտերու անուան տակ ՔԱԿ-ի կազմին մէջ անաստուած (աթէիստ) արմատներով հայեր կան, որոնք դէմ են քրտական հարցի լուծման»:

Վերջին օրերուն Թուրքիոյ մէջ անկարգութիւններ տեղի ունեցած էին: Քիւրտերը Թուրքիան կը մեղադրեն Արաբունարի մէջ քիւրտերու ցեղասպանութիւնը չկանխարգիլելու համար:

«Արեւելքի մէջ միասնականութիւնը կանգուն պահելու երազով ապրող մեր քիւրտ եղբայրները կ՛ողջունեմ, սակայն Արեւելքի մէջ քիւրտի անուան տակ անաստուած հայեր կան», գրած է քաղաքապետը` միաժամանակ հայրենիքին հաւատարիմ հայ եղբայրներուն շնորհակալութիւն յայտնելով:

Իբրեւ ապացոյց` Անգարայի քաղաքապետը հրապարակած է տեսանիւթ մը, ուր Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան որոշ զինեալներ կը նմանակեն նամազը, իսկ միւսները` կը ծիծաղին:

Քաղաքապետին այս խօսքերը լայն արձագանգ գտած են ընկերային ցանցերուն վրայ, եւ շատերը զինք մեղադրած են հայերու նկատմամբ խտրական վերաբերմունք դրսեւորելու եւ ցեղապաշտութեան համար:

 

Share this Article
CATEGORIES