Փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեան Հրաժարական Ներկայացուց

Արմէն Գէորգեան
17 տարի պետական համակարգին մէջ աշխատած, վարչապետի օգնականէն տարածքային կառավարման նախարար եւ փոխվարչապետ դարձած Արմէն Գէորգեան երէկ աշխատանքէն ազատ կացուցուելու դիմում ներկայացուց:
Կառավարութեան երէկուան ժողովին ընթացքին այս մասին յայտնելով` վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ըսաւ, որ Գէորգեան իր ասպարէզը պիտի շարունակէ սեփական մարզին մէջ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, որ Ս. Փեթերսպուրկի Պետական ծառայութեան հիմնարկի շրջանաւարտ, Թվենթէի համալսարանի (Հոլանտա) մագիստրոս Արմէն Գէորգեանի աշխատանքային ասպարէզը ծաղկում ապրեցաւ Ռոպերթ Քոչարեանի օրերուն: Վարչապետ Քոչարեանի օգնականէն 24-ամեայ Գէորգեան դարձաւ երկրի նախագահի օգնական եւ աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալ, իսկ 2006-էն մինչեւ Քոչարեանի նախագահութեան երկրորդ ժամկէտի աւարտը` նախագահի աշխատակազմի ղեկավար: Այս ընթացքին երկու ամիս ան եղած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը:
Հակառակ անոր որ Գէորգեան իր ասպարէզի գագաթնակէտին հասաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի օրերուն` 2008-էն մինչեւ հրաժարականը տարածքային կառավարման նախարարն էր եւ փոխվարչապետը, անոր ազդեցութեան մասին հիւսուած առասպելներն ու կիսաառասպելական պատմութիւնները կը վերաբերին Քոչարեանի նախագահութեան տարիներուն: 1990-ականներու վերջաւորութեան եւ 2000-ականներու սկզբնաւորութեան մամուլը զայն կը բնորոշէր իբրեւ Քոչարեանի ամէնէն վստահելի մարդը: Ե՛ւ համաձայնական դաշինքի, ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կազմած կառավարութիւններուն մէջ Գէորգեան յաջողեցաւ անկուսակցական մնալ:
Ըստ նոյն աղբիւրին, Գէորգեան շատ հաւանաբար աշխատանքի անցնի արտերկրի մէջ:

