Նախագահ Սարգսեան Կարեւոր Նկատեց Սեփական Ճակատագիրը Տնօրինելու Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդին Իրաւունքը

Զալպեր եւ նախագահ Սարգսեան
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Հերպըրթ Զալպերը: Նախագահը կարեւոր նկատեց Եւրոպական Միութեան շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումներուն: Հանդիպման զրուցակիցները անդրադարձան բանակցային հոլովոյթի վերջին զարգացումներուն` Սոչիի եւ Նիւփորթի վեհաժողովներուն, ինչպէս նաեւ ամրան Հայաստանի հետ սահմանին եւ Արցախի հետ սահմանագիծին վրայ զինադադարի խախտման հետեւանքով յառաջացած լարուածութեան սրման:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը երկուստեք համոզում յայտնեցին, որ խաղաղ բանակցային ուղիով Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման միակ կարելի ձեւաչափը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակն է: Զալպեր վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը` շարունակելու աջակցութիւնը բարձր մակարդակով բանակցութիւններու շարունակութեան եւ բոլոր այն գործնական քայլերուն, որոնք կրնան ձեւաւորուիլ խաղաղ բանակցային հոլովոյթին մէջ եւ նպաստել տագնապի լուծման:
Հայաստանի նախագահը շեշտեց, որ հարցին արդար լուծման առանցքը Ղարաբաղի ժողովուրդին կողմէ կամքի ազատ արտայայտութեան միջոցով սեփական ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունքն է: Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին` այս հանգրուանին մէջ բանակցութիւններու արդիւնքներուն վերաբերեալ սպառիչ տեղեկութիւններուն եւ յատուկ պարզաբանումներուն համար` նշելով, որ ստացած տեղեկութիւնները կը զեկուցէ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններուն: Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ այս ամսեվերջին Փարիզի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու եռակողմ հանդիպումէն ակնկալութիւններուն վերաբերեալ:
Նախագահ Սարգսեան. «Նոյն Ոգիով Շարունակեցէ՛ք,
Եւ Ձեզ Աւելի Կը Սիրեն»
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2014 թուականի կրթական պարգեւներուն արժանացած ուսանողները եւ աշակերտները: Նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան մրցանակակիրներուն յանձնեց անոնց շնորհուած պարգեւները: Իւրաքանչիւր վկայագիրի հետ երիտասարդները ստացան յուշանուէր մը եւ դրամական պարգեւ: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի տարեկան կրթական պարգեւին այս տարի արժանացան 26 ուսանողներ եւ 16 աշակերտներ: Նկատի առնելով Հայաստանի մէջ տեղեկատուական արհեստագիտութեան զարգացման համալսարանական կրթական համակարգին մէջ ունեցած մեծագոյն ներդրումը, ինչպէս նաեւ «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան 10-ամեակին առիթով «Սինոփսիս» ընկերութեան նախագահ, գլխաւոր գործադիր տնօրէն Չի-Ֆուն Չան եւս արժանացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի կրթական պարգեւին: Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց բարձր յառաջադիմութիւն ցուցաբերած եւ նախագահի 2014 թուականի կրթական պարգեւներուն արժանացած ուսանողները եւ աշակերտները` անոնց մաղթելով յաջողութիւն:
«Նոյն ոգիով շարունակեցէ՛ք, եւ ձեզ շատ աւելի կը սիրեն», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան իր արտասանած խօսքին մէջ:

