Մրցանակ` Արցախի Նախագահին

բակկօօ-600x228Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան պիտի արժանանայ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան ափի գրասենեակի պատւոյ «Ազատութեան մրցանակին»:

Մրցանակը Արցախի  նախագահին կը շնորհուի 2 նոյեմբերին տեղի ունենալիք տարեկան ընդունելութեան ընթացքին:

«Մենք խորապէս շնորհակալ ենք նախագահ Սահակեանին Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան հարցին մէջ իր շարունակական նուիրուածութեան համար` երաշխաւորելով շրջանի աննախընթաց զարգացումը եւ վարելով այնպիսի քաղաքականութիւն, որ անցեալ տասնամեակներուն համաշխարհային քարտեսին վրայ ձեւաւորեց Արցախը` իբրեւ  ժողովրդավարական սկզբունքներու վրայ  հիմնուած խաղաղասէր հասարակութիւն», ըսած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան ափի գրասենեակի նախագահ Նորա Յովսէփեան:

Ընդունելութեան ընթացքին նաեւ «Մարդասիրական մրցանակ» պիտի շնորհուի Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամին` Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն հայ ժողովուրդին ցուցաբերած աջակցութեան եւ վերահաս ոչնչացումէ հարիւր հազարաւոր հայեր փրկելու համար:

Share this Article
CATEGORIES