«Ֆորմիւլա-1». Ֆեռնանտօ Ալոնսօ Պիտի Լքէ «Ֆեռարի»-ն

1016_Alonso«Ֆեռարի»-ի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ խումբին մաս կազմող սպանացի վարորդ Ֆեռնանտօ Ալոնսօ այս տարեշրջանին աւարտին պիտի լքէ խումբը:

Միջազգային մամուլին համաձայն, Ալոնսօ կ՛ուզէ լքել իր խումբը, որովհետեւ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան ոչինչ կրնայ շահիլ անոր հետ: Ան ըստ երեւոյթին հիասթափուած է, որովհետեւ կը փնտռէ նոր մարտահրաւէրներ` նկատի ունենալով, որ ի վիճակի է տիտղոսներու տիրանալու:

Share this Article
CATEGORIES