Անթունիէ Համալսարանին Յատուկ Հրաւէրով. 5 Նոյեմբերին Լիլիան Թիւրամ Կը Ժամանէ Լիբանան
Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Լիլիան Թիւրամ 5 նոյեմբերին Անթունիէ համալսարանին յատուկ հրաւէրով հնգօրեայ այցելութեամբ մը կը ժամանէ Լիբանան:
Անոր այցելութեան զուգահեռ, «Պիել»-ի մէջ կը կազմակերպուի ֆրանսական գիրքերու ցուցահանդէս-վաճառք մը, որուն բացման բնականաբար ան ալ ներկայ պիտի ըլլայ:
6 նոյեմբերին Թիւրամ հանդիպումներ, տեսակցութիւններ եւ զրոյցներ պիտի ունենայ Անթունիէ համալսարանին ուսանողներուն հետ:
Թիւրամը հրաւիրող համալսարանը յառաջիկային պիտի ներկայացնէ անոր Լիբանան կեցութեան ժամանակացոյցը:
CATEGORIES Մարզական

