Ուիլիամ Կալաս Լքեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը
Ֆրանսայի միջազգային նախկին յետսապահ Ուիլիամ Կալաս երէկ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը լքէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
37 տարեկան Կալաս, որ ունեցաւ 19 տարուան ֆութպոլիստի արհեստավարժ ասպարէզ մը, ըսաւ, որ շատ յաճախ կը կարծէր, որ կրնայ ֆութպոլը շարունակել, սակայն այժմ կը հաւատայ, որ ատիկա չի կրնար տեղի ունենալ:
Ֆրանսայի հետ ան 84 մրցումի ընթացքին նշանակեց 5 կոլ: Ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսաւ 1995-ին` Քանի հետ:
CATEGORIES Մարզական

