Երեքշաբթի, 21 Հոկտեմբերին. Անդրանիկ Կը Պատուէ Էլիաս Հատարին

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Անդրանիկ երիտասարդական միութիւնը յայտարարեց, որ երեքշաբթի, 21 հոկտեմբերին պիտի պատուէ Էլիաս Հատարին, որ Ինշիոնի մէջ (Հարաւային Քորէա) տեղի ունեցած ասիական 17-րդ խաղերուն տիրացաւ պրոնզ մետալին` թեքուանտոյի մարզաձեւին մէջ:

Անիկա տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), երեկոյեան ժամը 19:30-ին:

Share this Article
CATEGORIES