Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Ահլի Նապաթիէ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մեկնի հարաւ, ուր հիւրը կ՛ըլլայ Ահլի Նապաթիէի: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 15:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Քֆարժոզի դաշտին վրայ:

Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ երեք մրցումէ ապահոված է 4 կէտ` արձանագրելով յաղթանակ մը, հաւասարութիւն մը եւ կրելով պարտութիւն մը: Խումբը այժմ կը գտնուի 6-րդ դիրքին վրայ:

Երեք կէտով հարաւէն Պէյրութ վերադարձը խումբին համար պիտի ըլլայ բաւական լաւ, որովհետեւ այդպիսով ՀՄԸՄ պիտի բարելաւէ իր դիրքը դասաւորման մէջ:

ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն համար յաղթանակը կը նկատուի էական` առանց անտեսելու մրցակիցը:

Խմբային խաղաոճ կիրարկելը, ճշգրիտ փոխանցումներ կատարելը եւ ներկայացած առիթները կոլի վերածելը կը նկատուին ամէնէն կարեւոր ազդակները` երեք կէտերը ապահովելու համար:

Իսկ ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Քֆարժոզի դաշտ եւ քաջալերել խումբը, հոգ չէ, եթէ մրցումը շաբաթ կամ կիրակի օրով չէ:

Անոնք ուղղուելով դաշտ եւ քաջալերելով ՀՄԸՄ-ի տղաքը, միասնաբար իրենց գրպանը լեցուցած կ՛ըլլան երեք կէտերը եւ յաղթական կը վերադառնան հարաւէն:

Ստորեւ կու տանք մրցումներուն յայտագիրը (Ա. եւ Բ. դասակարգ).

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.

ՈՒՐԲԱԹ, 17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Սալամ Զղարթա – Անսար 15:30 Զղարթա
Շապապ Սահել – Նեպի Շիթ 15:30 Ահտ
ՇԱԲԱԹ, 18 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Թատամոն Սուր – Սաֆա 15:30 Սուր
Ռասինկ – Ախա Ահլի Ալէյ 15:30 Պուրճ Համուտ
ԿԻՐԱԿԻ, 19 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Նըժմէ – Թրիփոլի 15:30 Սայտա
Ահտ – Շապապ Ղազիէ 15:30 Ահտ

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 4-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.

ՈՒՐԲԱԹ, 17 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ   ԺԱՄ    ԴԱՇՏ
Ահլի Նապաթիէ – ՀՄԸՄ 15:30 Քֆարժոզ
Ահլի Սայտա – Ամալ Թրիփոլի 15:30 Սայտա
ՇԱԲԱԹ, 18 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Շեպիպեթ Մազրաա – Խըյուլ 15:30 Սաֆա
Մապարրա – Ռիատա Ուալ Ատապ 15:30 Ահտ
ԿԻՐԱԿԻ, 19 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ
Իժթիմահի – Սաժես 15:30 Թրիփոլի
Share this Article
CATEGORIES