Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեզ պիտի հրաւիրեն ընտանեկան հարցի մասին վկայութիւն տալու: Ընդառաջեցէք հրաւէրին, բայց երբ կողմնորոշուելու հարց մը ըլլայ, չէզոք դիրքորոշում որդեգրեցէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Նախանձին բարին չկայ, ձեր շուրջն ալ կան նախանձողներ ձեր կենցաղին ու վարուելակերպին: Կարեւորութիւն մի՛ տաք, մանաւանդ երբ բարեկամ մըն է:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դրամական հարց մը դասաւորելու համար դրամատնային գործ պիտի ունենաք: Եթէ նոր պայմանաժամ մը խնդրէք վճարման, պիտի ընդունուի:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գրականութեամբ պիտի զբաղիք, պիտի հետեւիք գիտութեան ընծայած նորութիւններուն, բայց մի կարծէք որ ամէն նորութիւն օգտակար է:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Աւարտած են արձակուրդի եւ ամրան օրերը: Ժամն է իրագործելու նոր ծրագիրներ: Ընկերութեան մը հետ համաձայնագիր պիտի կնքէք այսօր:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Վաղուան ձեր ընելիքներուն մասին մի՛ մտահոգուիք: Այն անձը, որուն պիտի հանդիպիք, ձեր առաջարկին համամիտ պիտի գտնուի: Յաջողութիւնը ձեզի պիտի ընկերանայ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Սիրուած անձ մըն էք ընկերութեան մէջ: Ձեզի կը վստահին կարեւոր գործեր, որովհետեւ կը մնաք պատրաստակամ: Այսուհանդերձ շատ մի յոգնեցէք դուք ձեզ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շաբաթավերջի օրերը պիտի անցնին հանդարտ եւ ուրախ: Ձեզի պիտի միանան սիրելի բարեկամներ կամ ընտանիքին անդամները` միասին ուրախանալու:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ինչ որ ընէք սրտով ըրէք եւ ոչ դժկամութեամբ: Հանդիպումներ պիտի ունենաք կարգ մը հեղինակաւոր անձերու հետ: Համեստութեամբ խօսեցէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հոգեւոր ծրագիրով հանդիսութեան մը ներկայ պիտի ըլլաք: Ձեր ներկայութիւնը պիտի գնահատուի, ձեր կարգին պիտի օգտուիք իմացական տեսակէտով:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի հրաւիրուիք երաժշտական հանդիսութեան մը` միութենական հաւաքի: Պիտի օգտուիք բանախօսներու կարծիքներէն եւ օրը պիտի անցնի խաղաղ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ուր որ երթաք, հրաւէրով կամ առանց հրաւէրի, ձեր հանդիպած անձերուն հետ եղէք կիրթ եւ հաճոյակատար: Խօսուած նորութիւններէն կրնաք օգտուիլ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )