Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ 3 Կէտով Վերադարձաւ Հարաւէն

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը մեկնեցաւ հարաւ, ուր Քֆարժոզի մէջ հիւրը եղաւ Ահլի Նապաթիէի եւ յաղթեց` անոր` 3-1 արդիւնքով:

Մրցումին 5-րդ վայրկեանին ՀՄԸՄ արդէն իսկ նշանակած էր իր եւ մրցումին առաջին կոլը` շնորհիւ Սերժ Չաքրեանի, որ մրցակից կազմէն երեք մարզիկ խաղի բերելէ եւ բերդապահն ալ գերազանցելէ ետք գնդակը զետեղեց մրցակիցին բերդին մէջ:

20-րդ վայրկեանին Քրիսթիան Թիմունեան, անձնական ճիգով մը նշանակեց ՀՄԸՄ-ի երկրորդ կոլը:

Բ. կիսախաղին սկիզբը ՀՄԸՄ կրնար արդիւնքը վերածել 3-0-ի, սակայն օրուան իրաւարարը արդար փենալթի մը չսուլեց ի նպաստ հայկական խումբին:

70-րդ վայրկեանին դաշտին տէրը նշանակեց իր կոլը, երբ իրաւարարը սուլեց անտեղի փենալթի մը:

88-րդ վայրկեանին Քրիսթիան Թիմունեանի վրայ կատարուած ֆաուլը այս անգամ իրաւարարին ստիպեց, որ սուլէ փենալթի մը, որ կոլի վերածեց Գէորգ Օհանեան:

Ահլի Նապաթիէ պէտք է ինքզինք բախտաւոր զգայ, որ իր բերդին մէջ ստացաւ միայն երեք կոլ, այլապէս եթէ աւելի քան 5 ստոյգ առիթները կոլի վերածուէին, անոր կրած պարտութիւնը պիտի ըլլար շատ աւելի ծանր:

Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ՀՄԸՄ 3 կէտը գրպանած վերադառնալով հարաւէն 7-ի բարձրացուց իր կէտերուն ընդհանուր հաշիւը:

Share this Article
CATEGORIES