Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Կը մտածես պտոյտի երթալ արտասահման, անծանօթ եւ նոր վայր տեսնելու, բայց ներկայիս ժամանակը չէ, որովհետեւ աշխատելու ժամանակն է, ո՛չ պտտելու:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Տուած որոշումիդ վրայ հաստատ մնացիր, որովհետեւ այս պարագային միտք փոխելը վնասակար է: Ինչ որոշում, որ տուած էիք միասնաբար իրագործելու գործընկերոջ հետ, պիտի յաջողիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Թեթեւ անհանգստութիւնը կրնայ ձեր տրամադրութիւնը խանգարել, բայց մտահոգուելու ոչինչ կայ, անցողակի հարց մըն է եղածը: Օրը յաջող է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Իւրաքանչիւր անձ իր մտածելու ձեւը ունի կամ իր փափաքը կ՛ուզէ իրագործել: Ձեր կարգին վաղուց փայփայուած երազ մը պիտի իրագործէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դրամատնային ձեր պատրաւորութիւնը մի յետաձգէք, որպէսզի տոկոսը չբարդանայ: «Այսօրուան գործը վաղուան մի՛ ձգեր» իմաստուն խօսքը միշտ ի մտի ունեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Բնութիւնը ունի իր գիշերները եւ ցերեկները, իր գարունը եւ ձմեռը: Թեթեւ եւ բնական պատահարները խոշորացոյցով մի՛ դիտէք, հանգիստ եղէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Անուշ լեզուն օձը ծակէն կը հանէ, ուրեմն առանց երկմտելու ներողութիւն խնդրէ այն անձէն, զոր վշտացուցած ես կամայ թէ ակամայ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ներկայ պիտի գտնուիք արուեստի ցուցահանդէսի մը, ուր պիտի հիանաք ստեղծագործող անձին զգացողութեան եւ ստեղծագործ մտքին: Օրդ խաղաղ պիտի անցնի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պատրաստ էք ուրիշին աչքին շիւղը գերան նկատելու: Այս խառնուածքը հաճելի չի թուիր ձեր շրջանակին, հետեւաբար բարեացակամ եղէք, ոչ` քննադատող:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր փափաքը իրականութիւն պիտի դառնայ շնորհիւ ձեր ողջմտութեան: Գիտցէք, թէ ինչպէս կրնաք ազդել ձեր խօսակիցին վրայ: Եղէք լուսամիտ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դժուար նկատուած կացութիւն մը պիտի յաղթահարէք շնորհիւ ձեր ողջմիտ կեցուածքին: Խենթ մտածում մը կրնայ շփոթի մատնել ձեզ: Անկեղծ մնացէք ամէն պարագային:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անհաճոյ լուր մը լսելով` պիտի խանգարուի ձեր տրամադրութիւնը եւ պիտի յետաձգէք որոշուած կարեւոր գործ մը: Ձեր լսած լուրը անհիմն պիտի ըլլայ, բայց պիտի մնաք խարխափումի մէջ, անհանգիստ տրամադրութեամբ:

