50 Տարի Առաջ (20 Հոկտեմբեր 1964)

Հայ Կեանքը Կիպրոսի Մէջ

ժամանակին էր ան` հինգ հազար հաշուող այս փոքրիկ բարգաւաճ գաղութը, իր եկեղեցական իշխանութիւններով, դպրոցով, հայկական զանազան կազմակերպութիւններով ու միութիւններով ու մանաւանդ իր առատաձեռն եղբայրական օգնութեամբ, բոլոր անոնք, որոնք բան մը ակնկալած էին այս գեղեցիկ եւ տիպար գաղութէն, այսպիսով այս գաղութը արժանացած էր բոլորին անխտիր հիացմունքին եւ գնահատանքին:

Այս երէկ էր սակայն: Այսօր գաղութին պատկերը այլակերպուած է առանց ամենադոյզն յանցանք ունենալու: 1955-էն ի վեր քաղաքական փոփոխական կացութիւնը, մանաւանդ վերջին տասը ամիսներու թուրք-յոյն բախումը, տակն ու վրայ ըրաւ խաղաղասէր  հայ գաղութը: Աւելի քան հարիւր հայ ընտանիքներ, թրքական սուիններու ուժով, լքեցին իրենց անձնական տուներն ու խանութները, փոխադրուեցան յունական կողմը` իրենց կեանքն ու պատիւը ապահովելու մտահոգութեամբ: Անձնական տուներու կահ-կարասիները, եւ շատ մը խանութներու ապրանքները իսկոյն ենթարկուեցան թրքական կողոպուտի, այսպիով շատ մը հայերուն քառասուն տարուան արդար վաստակը մէկ օրէն միւսը մոխիրի վերածուեցաւ: Բարեբախտաբար, Ազգային իշխանութեան արթուն հսկողութեան տակ կարելի եղաւ կարգ մը խանութներուն ապրանքները փրկել ամբողջական կողոպուտէ, եւ անոնք յաջողեցան իրենց կեանքը վտանգելով իսկ յաջողցնել պարպումի ծրագիրը. այս բաները պատահեցան տարուան սկիզբի այն վտանգաւոր օրերուն, երբ ինքնակոչ «հայ ներկայացուցիչներ եւ առաջնորդներ» Լոնտոն փախչելով կը սպասէին, որ կացութիւնը լաւանայ, եւ գան իրենք զիրենք «ներկայացուցիչ»-ի հանգամանք տան` յաչս օտարին:

Կեանքի կորուստի գծով, մայր ու աղջկայ քստմնելի ոճիրէն զատ, որ ժամանակին մամուլի մէջ արձանագրուած էր, այլ կեանքի կորուստ չունեցանք: Նիւթական կորուստը մեծ է. բռնագրաւուած հողերուն արժէքը կէս միլիոնը կ՛անցնի եւ մեծ յոյս կայ, որ կացութիւնը լաւանալէ ետք պիտի կրնանք վերստանալ մեր անշարժ կալուածները, իսկ ո՞վ պիտի վճարէ ան միւս քառորդ միլիոնի արժէքով ապրանքներուն եւ կահ-կարասիներուն գինը` թուրքին կողմէ կողոպտուած:

Ներկայիս Կիպրոսի գաղութը կը հաշուէ երկու հազարէ քիչ մը աւելի. վերջին երկու տարիներու ընթացքին 500 հոգի ներգաղթած են Հայաստան, իսկ մնացածը չուած է Անգլիա եւ այլ երկիրներ:

Հայ ընտանիքներուն տնտեսական վիճակը օրըստօրէ մտահոգիչ կը դառնայ: Օրըստօրէ տնտեսական վիճակի վատթարացումը ստիպեց ազգային իշխանութիւնը, որ եղբայրական օգնութիւն պահանջէ այլ հայ գաղութներէ, որուն առաջին դրական պատասխանը եկաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Ազգ. Կեդր. վարչութենէ, Հրանդ արք. Խաչատուրեանէ, հազար տոլար անմիջական մեր պէտքերը հոգալու ու միանգամայն խոստանալով մօտ օրէն նորէն ղրկելու:

Մենք կը հաւատանք, որ սփիւռքի այլ գաղութներ շուտով պիտի հետեւին Ամերիկայի օրինակին, որպէսզի իրենց ազգակիցները չստիպուին օտարին ձեռք բանալ: Ուրեմն ձեր նուէրներու հասցէն Անթիլիասի վեհափառն է:

Ա. ՍԻՓԱՆ

Նիկոսիա, 13 հոկտեմբեր, 1964

 

Հայկական Կեանք

Աշոտ Մալաքեան
Պատուոյ Մրցանակի Կ՛արժանանայ

 Հայազգի Դերասանը Կը Փափաքի
«Վարդանանք»-ը Ժապաւէնի Վերածել

Ինչպէս գրած էինք, անցած շաբաթ Յունաստան եկաւ հայ տաղանդաւոր դերասան Աշոտ Մալաքեան, ընկերակցութեամբ իր տիկնոջ եւ իր վերջին շարժանկարի գլխաւոր դերակատար Փարիզի, մասնակցելու համար Սելանիկի շարժանկարի փառատօնին, ուր պատուոյ մրցանակին արժանացաւ իր «Հարիւր հազար տոլար արեւուն տակ» ժապաւէնը:

«Ազատ օր»-ի թղթակիցը, որ յատուկ տեսակցութիւն մը ունեցած է հայ դերասանին հետ, կ՛ըսէ, թէ Մալաքեան հարիւրին հարիւր տոկոսով ռոտոսթոցի հայ է, 44 տարեկան:

Մալաքեան ըսած է թղթակիցին.

– Վերջին ժապաւէնս ամէնէն յաջողը եւ ամէնէն սուղն է միանգամայն: Տասնեակ մը սաւառնակներ, հրասայլեր, ինքնաշարժներ, նաւեր եւ հինգ հազար հոգինոց բանակ մը գործածեցի տեսարաններուն մէջ: Շատ սպառիչ աշխատանք մըն է:

Հիմա Ամերիկա պիտի երթամ Մեթրօ-Կոլտուին Մէյըրի հետ իմ պայմանագրութեան համաձայն ժապաւէններ պատրաստելու համար: Հոն քառապատիկ կը վճարեն: Յետոյ, ժապաւէն մը պիտի նկարեմ Աֆղանիստանի մէջ: Դերակատարները պիտի ըլլան` Փոլ Նիուման եւ Նաթալի Վուտ: Կը փափաքիմ «Վարդանանք»-ը ժապաւէնի վերածել, բայց շատ մեծ դրամագլուխ պէտք է:

Համոզումս ա՛յն է, թէ շարժանկարը զուարճութեան միջոց է եւ ոչ թէ յեղաշրջական գաղափարներ տարածելու միջոց: Երբեք չեմ ուզեր նոյն բաները կրկնել: Ամէն մէկ ժապաւէնս պէտք է ինքնատիպ ըլլայ եւ միշտ միւսներէն տարբեր: Յունական շարժանկարը տակաւին չէ հասունցած: Շատ խօսակցութիւնը աւելորդ է եւ թատրոն: Պէտք է լուսանկարի գործիքը խօսեցնել:

… Հեռատեսիլը իսկապէս վտանգ մըն է, բայց, միմիայն գէշ ժապաւէններուն համար:

 

Share this Article
CATEGORIES