Աշխարհը Յեղաշրջող Գաղափարներ. Մայնքրաֆթի 7 Հրաշալիքները

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՇԱՏԵՐ ՄԱՅՆՔՐԱՖԹԻ ՄԱՍԻՆ ԼՍԱԾ ԵՆ, ԵՐԲ ՄԱՅՔՐՈՍՈՖԹ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ, ԹԷ 2.5 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐ ՊԻՏԻ ՎՃԱՐԷՐ ԱՅՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ, ՈՐ ՊԻՏԻ ՍՏԵՂԾԷՐ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՎԱՃԱՌՔ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ ՎԻՏԷՈՅԻ ԽԱՂԸ: ՍԱԿԱՅՆ, ՏԱՐԻՆԵՐԷ Ի ՎԵՐ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐՈՒ ՓԱՂԱՆԳ ՄԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՇԽԱՏԻԼ ՄԱՅՆՔՐԱՖԹԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ ԵՒ ՄԱՆՐԱԿՐԿԻՏ ԱՇԽԱՏԱՆՔՈՎ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ ՀՐԱՇԱԼԻՔՆԵՐ` ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՊԱՍՏԱՌԻՆ ՎՐԱՅ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԼԱՒԱԳՈՅՆ 7 ՆՄՈՒՇՆԵՐԸ:

Կէյմ Աֆ Թրոնզ

985mineՔարտէսներ պատրաստող Ուեսթըրոս Քրաֆթ ընկերութիւնը ճամբայ ելած է վերստեղծելու Ճորճ Մարթինի երեւակայած աշխարհը` «Կէյմ աֆ թրոնզ» գիրքերու եւ պատկերասփիւռի ժապաւէններու շարքին մէջ: Նպատակը դերերու վրայ հիմնուած խաղ մը ստեղծելն է երեւակայական աշխարհի մը մէջ:

Համակարգիչ Մը, Որ Բաղկացած Է 16 Կտորներէ

985mine7Մայնքրաֆթ խաղցող մը, որ կը ներկայանայ Օհմկանեշա անունով, միայն 2 շաբթուան մէջ կառուցած է 16  կտորներէ բաղկացած գործող համակարգիչ մը: Այս իրականանման գործիքը ունի 32 պայթ պարագայական հասողութեամբ յիշողութիւն եւ 256 պայթ կարդացող յիշողութիւն (ՌՕՄ):

Մայր Տաճար Մը

985mine2Այս կառոյցին ճարտարապետը` Փաթրիքս կ՛ըսէ, թէ միայն երկու գիշերուան մէջ կառուցած է զայն, եւ թէ` կեանքին մէջ երբեք չէ այցելած մայր տաճար մը:

Գործող Համակարգիչ Մը

985mine6Քոտի Լիթլիի կառուցած համակարգիչը կրնայ ամբարել մէկ քիլոպայթ ծաւալով տեղեկութիւն, ինչ որ տպաւորիչ չի թուիր` բաղդատած մեր գործածած սկաւառակներուն, մինչեւ որ անդրադառնանք, թէ Թեքսասի մէջ համակարգչային գիտութեան դոկտորայի այս թեկնածուն զայն կառուցած է շատ փոքր կտորներ իրարու միացնելով:

Ամբողջ Քաղաք Մը

985mine4Օրօրա քաղաքին ծրագիրը յղացած արուեստագէտները կ՛ընդունին, թէ հաւանաբար երբեք պիտի չկարենան ամբողջացնել զայն: Անոր մանրակրկիտ կառուցումը կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ:

Ամբողջ Դանիան

985mine5Դանիոյ պետութիւնը ծրագրած է Մայնքրաֆթի համար քարտէսագրել ամբողջ երկիրը` մանուկներու յարմար դաստիարակչական խաղ մը ստեղծելու նպատակով, սակայն ծրագիրը ենթարկուած է իրերայաջորդ յարձակումներու եւ պատկերուած բնանկարներէն ոմանք պայթեցուած են` իրականանման «ուժանակով»:

Այս Կիթառին Վրայ Կարելի Է Նուագել

9885mine3Մայնքրաֆթի ստեղծած համացանցի կիթառը ունի 10 հիմնական լարեր: Անոր նուագը կարելի է լսել` այցելելով հետեւեալ հասցէին. http://www.bbc.com/news/technology-29211032

 

 

Share this Article
CATEGORIES