Աշխարհը Յեղաշրջող Գաղափարներ. Համացանցը Ի՞նչ Ձեւ Պիտի Ստանայ 2040-ին

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985intԱՐԴԵՕՔ ՄԻՆՉԵՒ 25 ՏԱՐԻ ԵՏՔ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻՆ ՎՐԱՅ ԿԵԱՆՔԸ ՊԱՅԾԱ՞Ռ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ, ԹԷ՞ ՄՌԱՅԼ: ՔՐԻՍ ՊԱՐԱՆԻՈՒՔ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱԿԱԴԻՐ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄՆԵՐԸ:

Սըր Թիմ Պեռնըրզ-Լի 1989-ի մարտին գրած էր առաջարկ մը, որ ի վերջոյ առաջնորդած էր համացանցի ստեղծումին: Ասիկա 25 տարի առաջ էր: 1980-ական տարիներուն դժուար էր հասկնալ նոյնիսկ ցանցով իրարու կապուած տեղեկութիւններու գաղափարը: Հետեւաբար, կարելի է հարց տալ, թէ արդեօք ի՞նչ ձեւ պիտի ստանայ թուային (տիճիթըլ) կեանքը ասկէ 25 տարի ետք: Իրերը որքա՞ն փոխուած պիտի ըլլան մինչեւ 2040:

Ապագայի երազային եւ երեւակայական պատկերացումներու առատութիւն կայ: Երբ կը քննենք մարդոց մեծագոյն յոյսերն ու մտավախութիւնները թուային ապագային վերաբերեալ, դժուար չէ երեւակայել, թէ օր մը ինչպիսի տարբեր պատկերացումներ կրնան իրականանալ:

Պայծառ Հայեցակէտ Մը

Ամրան եղանակի պայծառ առաւօտ մըն է 2040-ին: Համացանցը մեր շուրջ ամէն տեղ է, եւ ինչ որ ծրագրած էինք կատարել օրուան ընթացքին` կ՛իրականանայ շնորհիւ համացանցի վրայ թեւածող տեղեկութիւններու հոսքին: Դէպի քաղաք փոխադրամիջոցներու ժամանակացոյցը աշխուժ կերպով կը վերադասաւորէ ինքզինք` համաձայն ճամբաներու վրայ արձանագրուած խճողումին: Մեր զաւակներուն տարեդարձի լաւագոյն նուէրը գնելը դիւրին է, որովհետեւ անոնց մասին տեղեկութիւններու շտեմարանը գնումի սպասարկութեան կ՛իմացնէ, թէ ի՛նչ կը փափաքին ունենալ անոնք: Իսկ ամէնէն լաւը այն է, թէ կը շարունակենք ապրիլ` տակաւին ամիս մը առաջ մահացու արկածի մը ենթարկուելէ ետք. պատճա՞ռը հիւանդանոցին շտապ օգնութեան բաժնին պատասխանատուները դիւրին հասողութիւն ունին մեր առողջութեան վերաբերող տուեալներուն եւ մանրամասնութիւններուն:

Հաճելի է. այնպէս չէ՞: Ասիկա ապագայի այն տարբերակն է, ուր տեղեկութիւնը կը ղեկավարէ ամէն ինչ: Գաղափար մըն է, զոր համացանցը յայտնագործած անձը հետապնդած է երկար ժամանակ: Լոնտոնի մէջ վերջերս ան յայտարարած է, թէ օր մը մեր սեփականութիւններուն մաս պիտի կազմեն մեզի պատկանող տեղեկութիւնները:

«Պիտի փափաքէի, որ կառուցենք աշխարհ մը, ուր իւրաքանչիւրս հակակշիռ ունենայ իրեն վերաբերող տեղեկութիւններուն վրայ եւ անոնց սեփականատէրը ըլլայ,- կը բացատրէ ան:- Պիտի յաջողինք պատրաստել համակարգչային ծրագիրներ, որոնք տեղեկութիւններ կը քաղեն մեր կեանքին եւ մեր ընտանիքին կեանքին տարբեր երեւոյթներուն վերաբերեալ»:

985int2Արհեստագիտական «խելացի գործիքներ», որոնք արհեստական խելացութիւն օգտագործելով կը դիւրացնեն մեր աշխատանքը, հաւանական է, որ նպաստեն աշխարհը վերածելու նուազ խճողուած եւ աւելի դիւրասահ վայրի մը, ուր կուտակուած ե-նամակները եւ ժամանակացոյցերու դասաւորումը անցեալին կը պատկանին:

Սակայն, երբ շատ աւելի հսկայական ծաւալով տեղեկութիւններ կը շրջին, կը ստեղծուի այն մտավախութիւնը, թէ մարդիկ պիտի կորսնցնեն իրենց անձնական ազատութիւնը: Միւս կողմէ` անձնական ազատութեան դէմ ոտնձգութիւններու եւ տեղեկութիւններու սխալ օգտագործումի մտավախութիւնները հաւանաբար փարատած պիտի ըլլան մինչեւ 2040, ինչպէս կը նախատեսէ տեղեկութիւններու ապահովութեան մասնագէտ Պրուս Շնայըր:

«Հարցը այն է, թէ ե՞րբ անձնական ազատութիւնը իրապէս իրաւական եւ արհեստագիտական բնոյթ պիտի ստանայ համացանցի վրայ: Հաւանաբար 20 կամ 30 տարիէն, այսինքն` սերունդ մը ետք լրտեսութիւնը եւ տեղեկահաւաքը պիտի չշարունակուին ներկայի տարողութեամբ», կը վիճի ան:

Շնայըր կը բացատրէ, թէ անոնք, որոնք մտահոգ են անձնական ազատութեան կաշկանդումով, ասկէ տասնամեակ մը ետք ներկայի հսկողութիւնը պիտի նկատեն անընդունելի, այնպէս, ինչպէս այսօր շատեր այլեւս չեն ընդունիր անչափահասները գործի լծելը:

Իրականանման Մղձաւանջներ

Ձմրան գիշեր մըն է 2040-ին, եւ աշխարհը մռայլ վայր մըն է: Համացանցին մէջ կը վխտան ոճիրները եւ համացանցի վրայ նաւարկել կը նշանակէ վտանգել դրամատան մեր հաշիւը կամ դիմագրաւել ինքնութեան կողոպուտ: Գերբնական արարածներ գրաւած են ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերը, համացանցը ծիծաղելի կերպով վճարովի է եւ բաժանուած, ինչ որ կը նշանակէ, թէ միայն հարուստները կրնան հասողութիւն ունենալ ամէնէն պիտանի եւ այժմէական տեղեկութեան աղբիւրներու: Աւելի՛ն. կարգ մը երկիրներու մէջ մարդոց իւրաքանչիւր շարժումը տեւական հսկողութեան տակ է գաղտնի ոստիկանութեան կողմէ, որ կ՛օգտագործէ համացանցի կապուած «զգայարաններ» եւ հաղորդակցութեան միջոցներ: Նոյնիսկ եթէ կրնանք համացանցը գործածել, արդեօք պիտի փափաքէի՞նք:

Արդէն կը խօսուի թուային աղէտի մը կարելիութիւններուն մասին: Ինչպէս «Տը Նիւ Եորք Թայմզ» կը նշէ, վիճակագրութիւններ կատարող «Փիւ» ուսումնասիրական կեդրոնին կողմէ հրապարակուած տեղեկագիր մը կը նախատեսէ, թէ ասկէ տասնամեակ մը ետք «վտանգ» բառը չորս անգամ աւելի յաճախ պիտի գործածուի, քան` «յոյս»-ը:

985int3Հաւանական վտանգները բազմաթիւ են: Տեղեկութիւններու վրայ հիմնուած արհեստագիտական գործիքներու բազմացումը կը ստեղծէ ապագայի այնպիսի պատկեր մը, ուր կեանքի ընթացքը գծուած է մեզի համար եւ առիթ չի տար ազատ ընտրութեան: Ապա կայ նաեւ այն մտավախութիւնը, թէ տեղեկութիւններու հասողութիւն ունեցող անձերը պիտի կազմեն վերնախաւ մը եւ պիտի ջանան դուրս ձգել ընկերութեան ստորին խաւերը, որոնք հասողութիւն չունին թուայնացած գործիքներու:

«Համացանցը պիտի օգնէ, որ հարուստները աւելի հարստանան, եւ պիտի դառնայ գործիք` լուսանցքի մէջ պահելու արդէն իսկ աղքատ, մտային հիւանդութիւններէ տառապող եւ բազմաթիւ լուրջ մարտահրաւէրներ դիմագրաւող անձերը», կը գրէ «Փիւ»:

Համացանցը ժողովրդավարականացնելու եւ հաւասարութիւն ստեղծելու ձեւերէն մէկը անոր չէզոքութիւնը պահպանելն է: Այսինքն` ունենալ ազատ, ապակեդրոն եւ աշխարհին հասանելի ցանց մը, եւ ոչ թէ մասնատուած ցանց մը, որ ոմանց համար աւելի ճոխ է, քան` ուրիշներուն: «Պէտք է պայքարինք համացանցի չէզոքութեան համար», կ՛ըսէ Պերնըրզ-Լի: Սակայն, անոնք, որոնք մտավախութիւններ ունին ապագայի նկատմամբ, բազմաթիւ տուեալներէ մեկնած կը մտածեն, թէ չէզոքութիւնը պիտի չգոյատեւէ երկար ժամանակի վրայ: Իրօք, ոմանք կը հաւատան, թէ գլխաւոր ճակատամարտերը արդէն կորսնցուցած ենք: Օրինակ, այս տարուան սկիզբը ամերիկեան դատական ատեան մը մեղմացուց համացանցի չէզոքութեան օրէնքները: Այսինքն` այսուհետեւ հարուստ ընկերութիւններ կրնան վճարումով տարածել տալ իրենց համացանցին սպասարկութիւնները կամ փակել տալ իրենց մրցակից սպասարկութիւնները` կաշկանդելով մրցակցութիւնը:

Միայն համացանցի չէզոքութիւնը չէ, որ վտանգուած է: «Փիւ»-ի ներկայացուած այլ տեղեկագիրներ մտավախութիւն կը յայտնեն համացանցի վրայ ոստիկանական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւններու նկատմամբ, որոնք բռնատիրական վարչակարգերու առիթ կու տան գրաքննութեան ենթարկելու լրատուամիջոցները կամ հետզհետէ աւելի դիւրութեամբ լրտեսելու իրենց քաղաքացիները: Աւելի՛ն. հետզհետէ կը սաստկանայ ոճրագործներու կողմէ ապահովութեան սպառնացող վտանգը: Մարդոց տուներուն մէջ համացանցի կապուած գործիքներ ստեղծած են մղձաւանջային վիճակներ, երբ անձնական գործիքներ հեռահաս միջոցներով լրտեսութեան ենթարկուած են: Նոյնիսկ մանուկներուն շարժումներուն հետեւող գործիքներ նենգաբար հեքինկի ենթարկուած են:

Բարեխառն Դիտանկիւնը

Իրապաշտ անձի մը համար մինչեւ 2040 համացանցի ապագան հաւանաբար կը գտնուի այս երկու ծայրայեղութիւններուն միջեւ: Լաւ եւ վատ բաներ պիտի պատահին համացանցի միջոցով: Գէթ այսպէս կը մտածէ Շնայըր, երբ համացանցի վրայ ահաբեկչութեան վտանգին մասին հարց կը տրուի իրեն: Ան ընդհանրապէս այնքան ալ մտահոգ չէ նման հարցերով, որովհետեւ համացանցը կը ղեկավարուի զայն գործածող բազմաթիւ անձերու կողմէ, եւ` տարբեր նպատակներով:

«Ամէն ոք կը գործածէ համացանցը,- կ՛ըսէ ան:- Լուսինը կը շողայ արդարներուն եւ անարդարներուն վրայ: Ամէն ոք ինքնաշարժ կը քշէ, ճաշարան կ՛երթայ եւ ե-նամակ կ՛ուղարկէ: Ամէն ոք. լաւ մարդիկը եւ վատ մարդիկը: Բան չի նշանակեր ասիկա»:

985int4Ինչ կը վերաբերի առեւտրական մարզին, կարելի չէ հաւատալ, թէ կարգ մը ընկերութիւններ պիտի խանդավառուէին տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ բարոյական օրէնքներու հետեւելու գաղափարով: Իրօք, ընկերութիւններ հաւանաբար միշտ ալ ցուցաբերած են բարոյագիտական օրէնքները որոշ չափով խախտող վարուելակերպ: Միւս կողմէ` շուկաներու գոյութիւնը մտածել կու տայ, թէ մարդիկ իրաւունք ունին նման ընկերութիւններէ հաշիւ պահանջելու սխալի պարագային կամ երբ անոնք կը վարուին անընդունելի ձեւով:

«Որոշ պարագաներու պայման է ունենալ օրէնքներ եւ ճիշդ չէ ըսել, թէ ասիկա հակաօրինական է,- կ՛ըսէ Պերնըրզ-Լի:- Այլ պարագաներու յաջողութիւն կ՛արձանագրուի, երբ ամէն ինչ թափանցիկ է եւ մարդիկ իրենց կամքով կը նախընտրեն այլ կայքի մը սպասարկութիւնը»:

Համացանցի վրայ ընկերային հաղորդակցութեան նոր ցանցեր, ինչպէս` Սկրուփըլզ եւ Էլը , որոնք կը խոստանան յարգել բարոյագիտական օրէնքները, նոր տեսակի մրցակցութիւն մը կ՛ընձեռեն իրենք զիրենք հաստատած եւ ոմանց կողմէ քննադատուած կարգ մը հսկաներու»:

Հետեւաբար, ազատ համացանցի մէջ մրցակցութիւնը ո՛չ միայն առիթ պիտի տայ դրական նորարարութիւններու, զորս կ՛երազեն տեսնել մարդիկ, այլ նաեւ կրնայ ապահովել յարատեւութիւնը հաւասարութեան արժէքին: Սակայն, այս չի նշանակեր, թէ մեր վախերը պիտի փարատին: Համացանցը տարբեր բնոյթ պիտի ունենայ 2040-ին, սակայն կրնանք վստահաբար ըսել, թէ անիկա պիտի շարունակէ արտացոլացնել մարդկութեան այլազանութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES