Յուշատետր. Հասկնալը Պայման Չէ
Ռ. Հ.
Մենք դատապարտուած ենք ապրելու տեսակ մը տգիտութեան մէջ, որ իրականութեան մէջ տգիտութիւն չէ: Այսօր ահաւասիկ պիտի ուզէի քիչ մը մտածել այդ տարօրինակ ու անմեղ տգիտութեան մասին, որուն համար կ՛ըսենք, թէ տգիտութիւն չէ: Օրինակ, ես չեմ գիտեր, թէ ի՞նչպէս կ՛ըլլայ, որ երբ հեռատեսիլի հեռավարին կոճակը սեղմեմ, յանկարծ դիմացս կը տեսնեմ տարբեր երկրի մը մէջ խօսող սա մարդը ու կը լսեմ անոր խօսածը: Չեմ գիտեր, թէ ինչպէս կը պատահի ասիկա: Բայց ո՛չ մէկը կրնայ տգէտ կոչել զիս ատոր համար: Այո՛, գիտեմ, թէ այդ մարդուն խօսած տեղէն ալիքներ կը ղրկուին դէպի աշխարհի ամէն կողմը ու այդ ալիքները կը մտնեն իմ տունէս ալ ներս, ու կ՛ընկալուին իմ հեռատեսիլի ընկալուչիս կողմէ եւս բայց այսքան մը գիտնալը իրական գիտնալ մը չէ, որովհետեւ եթէ ինծի հարցուի, թէ ինչպէս այդ ալիքները կը սփռուին աշխարհի ամէն կողմը առանց իրարու խառնուելու, ինչպէ՞ս կը ճամբորդեն օդին մէջ ու ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ իմ սենեակիս փոքրիկ տարածութեան մէջ անտեսանելի կերպով կը ծփան քանի մը հազար հեռատեսիլի կայաններու կողմէ ղրկուած ալիքներ, ես պիտի պատասխանեմ, որ չեմ գիտեր: Չեմ գիտեր ու, եթէ շատ հետաքրքիր մարդ չեմ, պէտք ալ չունիմ գիտնալու, պէտք ալ չունիմ հասկնալու:
Եթէ կարդալ-գրել չեմ գիտեր, տգէտ եմ, հարկաւ: Եթէ կեանքիս մէջ քանի մը հարիւր բառէն աւելին չկրցայ սորվիլ, հարկաւ տգէտ եմ: Եթէ չեմ գիտեր, որ երկրագունդը կլոր է ու կը դառնայ արեւին շուրջ, տգէտ եմ բնականաբար: Բայց եթէ մէկը ինծի հարցնէ, թէ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ երկրագունդը այսքան երկար ժամանակէ ի վեր այսքան կանոնաւոր կերպով կը դառնայ արեւին շուրջ, ես կրնամ շշմիլ ու պատասխանել, որ չեմ գիտեր: Եւ ո՛չ մէկը կրնայ զիս տգէտ կոչել իմ այդ պատասխանիս համար:
Հարց հո՛ս է ահաւասիկ: Ես ամէն օր կրնամ նստիլ հեռատեսիլի պաստառին դիմաց ու նայիլ անկէ սփռուող պատկերներուն, առանց հասկնալու, թէ ինչպէս կը պատահի այս հրաշքը: Այդ պահուն նոյնը կրնայ ընել աշխարհի ամէնէն տգէտ ու վայրենի մարդն ալ. եթէ տան մէջ հեռատեսիլ մը ունի: Երկուքս ալ, որպէսզի կարենանք դիտել հեռատեսիլի յայտագիրը, պէտք չունինք հեռատեսիլի ալիքներուն թեքնիք մանրամասնութիւնները գիտնալու: Պէտք չունինք հասկնալու, թէ ինչպէս անիկա կը հասնի մինչեւ մեր տունը: Կը բաւէ, որ գիտնանք, թէ ո՞ր կոճակը պիտի սեղմենք հեռատեսիլի ալիքներուն թեքնիք մանրամասնութիւնները գիտնալու: Պէտք չունինք հասկնալու, թէ ինչպէս անիկա կը հասնի մինչեւ մեր տունը: Կը բաւէ, որ գիտնանք, թէ ո՞ր կոճակը պիտի սեղմենք հեռատեսիլը բանալու համար:
Ասիկա մէկն է այն հազարաւոր տգիտութիւններէն, որոնց մէջ կը լողանք մենք ամէն օր, անգիտակցաբար: Որովհետեւ չենք մտածեր, որ կրնանք ապրիլ առանց շատ բան գիտնալու ու առանց շատ բան հասկնալու: Կէտ մը կայ, ուրկէ անդին ամէն ինչ անհատին հետաքրքրութենէն ու հասկնալ ուզելու փափաքէն կախեալ է: Մարդ կայ, որ ամէն ինչ հասկնալ կ՛ուզէ, մարդ ալ կայ, որ նուազագոյնով կը գոհանայ ու աւելորդ նկատուածով հետաքրքրուիլ չի սիրեր: Բայց ո՛ր խումբին ալ պատկանիք, կրնաք վստահ ըլլալ, որ կը լողաք այդ անմեղունակ տգիտութեան ովկիանին մէջ: Աշխարհի ամէնէն հետաքրքիր, ամէնէն ընթերցասէր, ամէնէն շատ հարցնող ու ամէն բանին պատճառը պրպտող մարդն անգամ գաղափար իսկ չունի, թէ որքան տգէտ է, եւ թէ իրականութեան մէջ բնաւ ալ պէտք չունի աւելին գիտնալու:
Ես երկրորդ դասակարգին կը պատկանիմ: Այսինքն կեանքի ինչ ինչ երեւոյթներուն դիմաց շատ հետաքրքիր չեմ, աւելորդ մանրամասնութիւններու մէջ մտնել չեմ սիրեր. կ՛ուզեմ կանգ առնել բաւարար եղածին առջեւ, անկէ անդին անցնիլը աւելորդ յոգնութիւն կը նկատեմ, նոյնիսկ անկարելիութիւն, մինչեւ իսկ անիմաստութիւն, որովհետեւ ես կրնամ նոյն կեանքը ապրիլ առանց այդ մանրամասնութիւններուն մէջ մտնելու: Այո՛, կը սիրեմ կեանքի երեւոյթներուն մասին հարցումներ ուղղել ես ինծի, բայց ասիկա կ՛ընեմ ո՛չ թէ բան մը սորվելու համար, այլ անդրադառնալու համար, թէ որքան տգէտ ենք որոշ կէտէ մը անդին:
Կեանքիս որոշ մէկ շրջանին միշտ սորվիլ ուզեցի, միշտ աշխատեցայ, որպէսզի աւելի շատ բան գիտնամ, աւելի լաւ հասկնամ: Ասիկա տեւեց մինչեւ որ հասկցայ, որ հասկնալը պայման չէ: Կրնանք ապրիլ առանց հասկնալու ամէն ինչ: Նոյնիսկ պայման է որ ապրինք առանց հասկնալու: Հացը կ՛ուտեմ, բայց պէտք չունիմ գիտնալու, թէ փռապանը ինչպէս կը թխէ այդ հացը, ինչ ալիւր կը գործածէ, ինչ թթխմոր կը դնէ խմորին մէջ, քանի աստիճան կրակի մէջ կ՛եփէ հացը: Եթէ սկսիմ հետաքրքրուիլ այս հարցումներուն պատասխանելով, հացը ուտելու ժամանակ չի մնար:
Չեմ ուզեր գովքը ընել տգիտութեան: Միայն կը մտածեմ, որ այս երկրագունտին վրայ գիտութիւն կամ տգիտութիւն կոչուած մարզերուն մէջ ամէն ինչ շատ յարաբերական, շատ վիճելի ու շատ անիմաստ է: Երբ ամերիկացի մը դիմացս անգլերէն կը խօսի ու ես չեմ հասկնար, կրնամ կարծել, որ ես տգէտ մըն եմ: Բայց եթէ ամերիկացիի մը դիմաց հայերէն խօսիմ ու ամերիկացին զիս չհասկնայ, ան բնաւ պիտի չմտածէ որ տգէտ է: Մինչդեռ, ամէնէն լայն ըմբռնումով, երկուքս ալ նոյն դիրքին մէջ ենք: Ամերիկացին կրնայ ապրիլ առանց հայերէն գիտնալու, ես ալ կրնամ փառաւորապէս ապրիլ առանց անգլերէն գիտնալու:

