Արեւմուտքը Պէտք Է Յատուկ Արտօնութիւններ Շնորհէ Հայաստանին` Ռուսիոյ Հետ Անոր Կապերը Դատապարտելու Փոխարէն

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հոկտեմբեր 10-ին, երկարատեւ եւ բուռն քննարկումներէ ետք, Հայաստան ստորագրեց Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) միանալու պայմանագիրը:  Միութեան կազմին մէջ կը մտնեն Ռուսիան, Պելոռուսիան եւ Ղազախստանը: Պայմանագիրը ուժի մէջ պիտի մտնէ 1 յունուար 2015-ին եւ ենթակայ է վաւերացման չորս երկիրներու խորհրդարաններու կողմէ: Խըրխզստանը եւ Տաճիկստանը եւս միութեան միանալու հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են:

ԵՏՄ-ի ձեւաւորման նախանշուած նպատակն է ապահովել ապրանքներու, ծառայութիւններու, դրամագլուխներու եւ աշխատուժի ազատ տեղաշարժը անդամ երկիրներ, եւ իրականացնել համաձայնեցուած քաղաքականութիւն ուժանիւթային, արդիւնաբերական, գիւղատնտեսական եւ փոխադրամիջոցի ոլորտներուն մէջ:

Վերլուծաբաններու տեսակէտները` ԵՏՄ-ին Հայաստանի անդամակցութեան արժանիքներուն վերաբերեալ, կախեալ են այն հանգամանքէն, թէ արդեօք անոնք կողմնակի՞ց են, թէ՞ հակառակորդ երկրի իշխանութիւններուն: ԵՏՄ-ի հակառակորդներու ներկայացուցած փաստարկներուն մէջ են Հայաստանի անկախութեան հաւանական կորուստը եւ Արցախի մեկուսացումը` սահմանի վրայ մաքսային անցակէտերու տեղադրման պատճառով: Միւս կողմէ, ԵՏՄ-ի կողմնակիցները շեշտը կը դնեն Հայաստանի աշխարհառազմավարական եւ տնտեսական շահերուն վրայ: Կը մնայ տեսնել, թէ, ի վերջոյ, այս փաստարկներէն ո՛ր մէկը աւելի գերակշիռ է:

Այսուհանդերձ, կան կարգ մը հիմնական իրողութիւններ, ակնյայտ են: Հայաստան հինէն ի վեր բազմաբնոյթ կապեր ունեցած է Մոսկուայի հետ` սկսած ցարական ժամանակաշրջանէն մինչեւ Խորհրդային Միութիւն ու այսօրուան Ռուսիա: Անհրաժեշտ է յիշել, որ Հայաստանի ԵՏՄ անդամակցութիւնը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Ռուսիոյ մէջ հարիւր հազարաւոր հայ ներգաղթեալներու ապրուստին վրայ` այդ երկրի մէջ բնակելու եւ աշխատելու կարելիութեան տեսանկիւնէն: Բացի ատկէ` հայ գործարարները կրնան ընդլայնել իրենց ներքին փոքր շուկան, արտածելով իրենց արտադրանքը շահաւէտ հարկային պայմաններով` աւելի քան հարիւր միլիոն հաւանական սպառողներու համար դէպի Ռուսիա, Պելոռուսիա եւ Ղազախստան: Հայաստանը նաեւ հանդէս պիտի գայ իբրեւ յարմար դարպաս օտարերկրեայ ներդրողներու համար, որոնք հետաքրքրուած են ԵՏՄ-ի հսկայական ու դժուարամատչելի շուկաները ներթափանցելով:

Հայաստանի ԵՏՄ-ին անդամակցութեան վերաբերեալ վերլուծութեան մէջ պէտք է բարձրացուին երեք էական հարցեր.

1) Նկատի ունենալով շարունակուող արցախեան հակամարտութիւնը եւ Ազրպէյճանի բազմամիլիառ տոլարներու ռազմական գնումները, ո՞ր երկիրը Հայաստանին վաճառած է եւ պիտի շարունակէ վաճառել ժամանակակից զէնք` Ազրպէյճանի շարունակաբար աճող սպառնալիքը նուազեցնելու համար: Ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ Բրիտանիան, եւ ոչ ալ Ֆրանսան, այլ Ռուսիան…

2) Ո՞ր երկիրը կրնայ Հայաստանին մատակարարել կենսական անհրաժեշտութեան կազ որեւէ գինով, չխօսելով արտօնեալ գիներու մասին: Ռուսիան եւ նուազ չափով Իրանը` փոքր խողովակաշարով:

3) Քանի որ Ռուսիան Հայաստանի առեւտրային մեծագոյն գործընկերն է, ուստի տնտեսապէս աւելի ձեռնտու է բարենպաստ հարկային պայմաններ ունենալ այդ երկրին հետ, քան` Եւրոպայի: Հայաստանի  ԵՏՄ-ին չմիանալը երկիրը պիտի դնէ հարկային խիստ անբարենպաստ պայմաններու մէջ` աւերիչ տնտեսական հետեւանքներով:

Թէեւ ասոնք են Հայաստանի ԵՏՄ-ին միանալու անհերքելի պատճառները, սակայն ոչ ոք պէտք է եզրակացնէ, որ Երեւանը պէտք է մնայ բացառապէս Ռուսիոյ տնտեսական գօտիին մէջ: Ակնյայտ է, որ Հայաստանի շահերէն կը բխի բազմակողմանի կապերու զարգացումը բոլոր երկիրներու հետ, ինչպէս` Արեւմտեան Եւրոպայի, Հիւսիսային Ամերիկայի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ասիոյ: Հայաստանի պաշտօնատարները բազմիցս յայտարարած են արեւմտեան երկիրներու հետ տնտեսական, քաղաքական եւ նոյնիսկ ռազմական սերտ կապեր զարգացնելու ուղղութեամբ իրենց հետաքրքրութեան մասին, սակայն ոչ ի հաշիւ Ռուսիոյ հետ Հայաստանի ունեցած հնամեայ յարաբերութիւններուն:

Միեւնոյն ժամանակ շատ աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ, եթէ արեւմտեան երկիրները, մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգները, փոխանակ յորդորելու Հայաստանի ղեկավարներուն` խզելու խիստ կարեւոր յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ, հարկային արտօնութիւններ եւ այլ խթաններ տրամադրեն իրենց ներդրողներուն Հայաստանի մէջ, այդպիսով իսկ նուազեցնելով Ռուսիայէն Երեւանի կախեալութիւնը: Նմանապէս, Հայաստանին ուղղուած ամերիկեան քննադատութիւնն ու նախազգուշացումները Իրանի հետ անոր ունեցած առեւտրային կապերուն համար, պարզապէս անիմաստ յայտարարութիւններ են: Աւելի օգտակար պիտի ըլլար, եթէ Օպամայի վարչակազմը քաջութիւնը ունենար ճնշում գործադրելու Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վրայ` անոնց կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան համատեղ շրջափակումը վերացնելու համար, բան մը, որ կը շարունակուի աւելի քան 20 տարիէ:

Հաշուի առնելով ռազմավարական եւ տնտեսական վերոնշեալ իրողութիւնները` աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ արեւմտեան երկիրները գաւազանի փոխարէն «ստեպղին» օգտագործեն` ուղղորդելով Հայաստանը աւելի հաւասարակշռուած յարաբերութիւններ ունենալու Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Share this Article
CATEGORIES