«Ազդակ»-ի Մասնակցութեամբ` Հայ Մամուլի Ցուցահանդէսի Բացումը Կատարուեցաւ Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ
16 հոկտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ «Աշխարհի հայ մամուլը» ցուցահանդէսի բացման պաշտօնական արարողութիւնը:
Ձեռնարկին սկիզբը «Փեթերսպուրկի հայեր» շրջանային հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Ալեքսանտր Նազարով կարդաց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի նամակը: Ս. Փեթերսպուրկի Ազգութիւններու տան տնօրէնը շնորհաւորեց ներկաները մամուլի տօնին առիթով: «Հիւպատոս» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Օլեկ Դաւթեան երախտագիտութեան խօսքեր ուղղեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն, որոնք ներկայացուցին հարիւր հրատարակութիւն` հաւաքուած տասնչորս երկիրներէ. ան բարձր գնահատեց հայ պարբերական մամուլի հաւաքածոն: Ռուսիոյ գիտութիւններու ակադեմիայի գրադարանի ներկայացուցիչ Թաթիանա Պոկոսլովսքայան հաղորդեց գիտութիւններու ակադեմիայի գրադարանի տնօրէն Վալերի Լէոնովի ողջոյնի խօսքերը:
Իր տպաւորութիւնները կիսեց լրագրող եւ հասարակական գործիչ Անթուան Առաքելեան: Ազգագրական մարզի գիտաշխատող Սիլվա Լազարեան տուաւ իր գնահատականը ցուցահանդէսին մասին: Անոր կարծիքով` ցուցահանդէսը կրնայ նպաստել հայ ժողովուրդի ազգային արժէքներու պահպանման: Այնուհետեւ Ալեքսանտր Նազարով համառօտ կերպով պատմեց իւրաքանչիւր թերթի եւ ամսագիրի մասին: Ձեռնարկի աւարտին հաղորդավարը ներկաներուն ներկայացուց զեկուցում` հայ մամուլի պատմութեան մասին:
Ձեռնարկը` նուիրուած «Ազդարար»-ի առաջին թիւի 220-ամեակին, կազմակերպած էր «Փեթերսպուրկի հայեր» շրջանային հասարակական կազմակերպութիւնը` Ս. Փեթերսպուրկի Ազգամիջեան յարաբերութիւններու եւ գաղթային քաղաքականութեան իրականացման կոմիտէի աջակցութեամբ:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած էին նաեւ «Ազդակ»-էն օրինակներ:

