Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններ Վերամուտի Սուրբ Պատարագ Եւ Հոգեհանգիստ

1019_Veramoud-badarakԿիրակի, 19 հոկտեմբեր 2014-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին առիթով, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:

Յաւարտ Ս. պատարագի յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան իր քարոզը սկսաւ հետեւեալ բնաբանով. «Եկայք շինեսցուք սուրբ ըզխորանն լուսոյ, քանզի ի սմա ծագեաց մէջ լոյս ի Հայաստան աշխարհիս»: Շահէ եպս. Փանոսեան նշեց, որ շարականագիրին բառերը կը յուշեն, որ մենք իբրեւ գերագոյն պարտականութիւն լոյսի խորաններ պէտք է կերտենք, որովհետեւ անոր միջոցով աստուածային լոյսը պիտի ճառագայթէ մեր կեանքին մէջ: Լոյսի խորան կերտել կը նշանակէ փնտռել արժէքներ, որոնք կը հունաւորեն մեր կեանքը: Ան յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը այս տաճարները կերտեց, որպէսզի մեր գոյութիւնը ապահովէ:

1019_Veramoud-badarak1Առաջնորդ սրբազանը Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտի ազդանշանը տալով լուսարձակի տակ առաւ անոնց առաքելութիւնը` նշելով, որ անոնք դպրոցներուն եւ ընտանիքներուն օժանդակող կառոյցներ են: Ան մատնանշեց, որ Կիրակնօրեայ վարժարանները հոգեւոր դաստիարակութեան ճամբով Աստուծոյ խօսքը կը փոխանցեն աշակերտներուն, որոնք իրենց կարգին կը տարածեն տուներուն մէջ:

Ս. պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ վարժարաններուն մէջ ծառայած ննջեցեալներուն հոգիներուն համար:

Ս. պատարագէն ետք մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին սրտի խօսք արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ պատասխանատու Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Ան նշեց, որ այս տարի Կիրակնօրեայ վարժարաններու հիմնադրութեան 85-ամեակն է եւ 85 տարիներ ետք այդ ջահը, որ փոխանցուած է, կը շարունակէ նոյն ոգիով բոցավառիլ այս հաստատութեան մէջ:

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ տնօրէն Ղեւոնդ վրդ. Բենթեզեան: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին առիթով, գնահատեց անոնց մէջ գործող անսակարկ ծառայողները եւ յաջողութիւն ու արգասաբեր գործունէութիւն մաղթեց անոնց:

Share this Article
CATEGORIES